By Asbarez | Saturday, 22 June 2019

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի նիստին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Արցախ պատերազմ չեն ուզեր, բայց «պատերազմի սպառնալիքով որեւէ մէկը չի կարող մեզ վախեցնել»:
«Պատերազմը չի աւարտուել, ցանկացած պահի կարող է բռնկուել, իրավիճակի լարում լինել: Ադրբեջանը պարզապէս ցանկանում է կիրառել նոյն գործիքը, որը երկար ժամանակ կիրառել է՝ փորձ անել դուրս բերել հարցի կարգաւորումը բանակցային հունից», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստան բանակցային գործընթացին մէջ իր դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակէ 12 Մարտին Ստեփանակերտին մէջ հռչակուած սկզբունքներու ծիրին մէջ:
«Մեր դիւանագիտական ջանքերը որոշ ուղղութիւններով եղել են շատ արդիւնաւէտ: Մեր դիւանագիտութիւնը սկսում է աւելի ու աւելի արդիւնաւէտ լինել», հաստատեց Փաշինեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ