By Asbarez | Friday, 28 June 2019

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեան մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի նախաձեռնութիւնը, որ կարելիութիւն պիտի տայ արգելափակելու Ատրպէյճանին որոշ զինատեսակներու վաճառքը:
Ըստ անոր՝ այս նախաձեռնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ արգիլել Ատրպէյճանին՝ ձեռք բերել այնպիսի զէնքեր, որոնք կ՛աւելցնեն վերջինին կողմէ քաղաքացիական օդանաւեր խոցելու կարելիութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը արդիական է՝ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճան չի հրաժարիր Արցախի մէջ քաղաքացիական օդանաւեր հարուածելու իր սպառնալիքներէն եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ ուժի գործադրութենէն:
«Ստեփանակերտի օդանաւակայանի վերագործարկումը Արցախի ինքնիշխան իրաւունքն է եւ հետապնդում է բացառապէս քաղաքացիական ու մարդասիրական նպատակներ, մասնաւորապէս՝ մարդու այնպիսի հիմնարար իրաւունքի իրացումը, ինչպիսին է տեղաշարժի ազատութիւնը: Ադրբեջանի կողմից շարունակաբար իրականացուող շրջափակումը մշտական եւ լուրջ խոչընդոտ է դարձել Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան տեղաշարժի ազատութեան համար, որը նաեւ յանգեցնում է Մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագրում եւ այլ առանցքային միջազգային համաձայնագրերում ամրագրուած մարդու միւս հիմնարար իրաւունքների խախտմանը», հաստատեց ան։
Անի Սարգսեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի այդ քաղաքականութիւնը յստակօրէն կը դրսեւորէ անոր բացայայտ արհամարհանքը՝ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու, ու շարունակութիւնը կը հանդիսանայ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ հաւաքական պատիժ կիրարկելու անոր քաղաքականութեան։
«Աւելին, Ադրբեջանի այսօրինակ գործողութիւնները միջազգային հակաիրաւական արարքներ են եւ պէտք է ամենալուրջ հակազդեցութեան արժանանան միջազգային հանրութեան կողմից», եզրափակեց Անի Սարգսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ