By Asbarez | Saturday, 29 June 2019
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կնքուեցան պայմանագիրներ՝ յարձակողական նոր տեսակի զէնքերու եւ նոր սերունդի զինամթերք ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներ մատակարարելու վերաբերեալ, «Առաջին Ալիք»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ նշելով, որ Հայաստանի ռազմական օդուժը վերազինման փուլին մէջ է: Այդ նպատակով, ան ռազմական սարքերու ցուցահանդէսին երկկողմանի շարք մը հանդիպումներ կ՛ունենայ ռազմական արտադրութեանց ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Տօնոյեան աւելցուց, որ նշեալ պայմանագիրները շատ կարեւոր են Հայաստանի զինուած ուժերու զարգացման շարունակականութիւնը ապահովելու համար, նշելով, որ մատակարարումները պիտի սկսին այս տարուան վերջաւորութեան կամ 2020ի սկիզբը:
Այլ սպառազինութիւններ ձեռք բերելու բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Դաւիթ Տօնոյեան անդրադարձաւ նաեւ Կովկասի մէջ հայկական ռազմական օդուժին դիմագրաւած ենթադրեալ դժուարութիւններուն մասին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի խօսքին՝ յայտնելով, որ եթէ Պաքու աւելի ուշադիր ըլլայ, պիտի նկատէ, որ նման բազմագործառոյթ ռազմական օդուժը կ՛օգտագործուի աւելի բարձրադիր, ինչպէս՝ Հիմալայեան լեռներու գօտիին մէջ:
«Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցին շուրջ 100 երկիրներէ պատուիրակութիւններ։
Նշենք, որ Հայաստանի ռազմաարդիւնաբերական համալիրը տեղակայուած է առանձին տաղաւարի մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ