Մինչեւ 18 Տարեկաններու Հիւանդանոցային Օգնութիւնը Պիտի Դառնայ Անվճար

By Asbarez | Saturday, 29 June 2019

0629hospital

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը 12.3 միլիառ դրամ յատկացուց առողջապահութեան ոլորտի հրատապ եւ կարեւոր շարք մը ծրագիրներ ընդլայնելու համար, եւ որուն շնորհիւ մինչեւ 18 տարեկաններու հիւանդանոցային օգնութիւնը պիտի դառնայ անվճար:

«Մինչեւ հիմա այդ հնարաւորութենէն կ՛օգտուէին մինչեւ 7 տարեկան, հաշմանդամութիւն ունեցող, առանց ծնողական խնամքի մնացած եւ շարք մը այլ խումբերու ընտանիքներու երեխաները: Փոփոխութեան իբրեւ արդիւնք՝ պետութեան կողմէ երաշխաւորուած անվճար եւ արտօնեալ պայմաններով բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման իրաւունք ունեցող մինչեւ 18 տարեկան շահառուներու թիւը կ՛աւելնայ շուրջ 200 հազար անձերով: Այս ծրագիրը պիտի նպաստէ առողջ սերունդ ունենալուն», կ՛ըսուի որոշումին հիմնաւորման մէջ:

Այս ծրագիրով՝ Ա. եւ Բ. խումբի հաշմանդամներու, ժամկետային զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն եւ յատուկ խումբերու մէջ ընդգրկուած այլ քաղաքացիներու բժշկական օգնութեան փաթեթը եւս պիտի ընդլայնի՝ ընդգրկելով սիրտի վիրահատական ծառայութիւններու եւ նորագոյն արհեստագիտութիւններով կատարուող բժշկական ծառայութիւնները:

comments