Մայիլեան Ընդունեց Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ Կեդրոնի Պատուիրակութիւնը

By Asbarez | Saturday, 29 June 2019

0629Transp

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 28 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունեց Հայաստանի «Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող կեդրոնի պատուիրակութիւնը՝ գործադիր տնօրէն Սոնա Այվազեանի գլխաւորութեամբ։

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ կազմակերպութեան կողմէ Արցախի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան հաստատութիւններու զարգացման եւ հասարակական կեանքին մէջ անոնց ներգրաւման աջակցելու կարելիութիւններուն։ Սոնա Այվազեան ներկայացուց այդ ուղղութեամբ կազմակերպութեան՝ Հայաստանի մէջ ծաւալած գործունէութիւնը:

Կողմերը քննարկեցին Արցախի իշխանութիւններուն եւ «Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ»ի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները՝ յառաջիկայ նախագահական եւ խորհրդարանական, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու պարունակին մէջ: Այս առնչութեամբ Մասիս Մայիլեան ընդգծեց տեղական եւ միջազգային դիտորդներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը ընտրութիւններուն՝ հանրապետութեան մէջ ընտրական գործընթացները միջազգային չափանիշներուն համապատասխանեցնելու առումով:

comments