Իշխանութիւնը Պէտք Է Հասկանայ, Որ Ինքն Այլեւս Իշխանութիւն Է. Իշխան Սաղաթելեան

By Asbarez | Saturday, 29 June 2019

0629Ishkhan

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 24TV կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան յայտարարած քաղաքական խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ քաղաքական տարբեր ուժերու հետ:

Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչին համաձայն՝ Դաշնակցութիւնը որեւէ ուժի հետ բեւեռ ըլլալու կաշկանդուածութիւն չունի:

Ի. Սաղաթելեան դիտել տուաւ, որ իշխանութիւնը այսօր պատասխանատու է երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, որովհետեւ իշխանութիւնը՝ ի դէմս վարչապետ Փաշինեանի, ունի բացարձակ իշխանութիւն, զոր վերջին 30 տարիներուն ոչ ոք ունեցած է, արդարեւ, անոնք ունին օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւն եւ բոլոր կարելիութիւնները երկրին դիմաց ցցուած դժուարութիւնները լուծելու համար։ Ան շեշտեց, որ իշխանութիւնը պէտք է գիտակցի, որ ինք այլեւս իշխանութիւն է եւ այդպէս պէտք է գործէ։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ դարձեալ համագործակցութեան եզրեր գտնուին օրուան իշխանութեան հետ. Սաղաթելեան բացառեց նման բան՝ ընդգծելով, որ յեղափոխութենէն ետք իրենց անկեղծ մղումները չգնահատուեցան իշխանութեան կողմէ, աւելի՛ն՝ դաշտը բաժնուեցաւ սեւերու ու սպիտակներու:

Ինչ կը վերաբերի Ռոպերթ Քոչարեանի՝ լայն ընդդիմադիր բեւեռի հետ համագործակցութեան, Սաղաթելեան ըսաւ, որ ոեւէ մէկուն հետ նման քննարկում չէ եղած, եւ իրենց համար պարզ չէ՝ ի՛նչ նկատի ունի նախկին նախագահը։

comments