By Asbarez | Saturday, 29 June 2019
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 27 Յունիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 10րդ նիստը:
Հայկական կողմէն նիստին համանախագահեց փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան, վրացական կողմէն՝ Վրաստանի փոխվարչապետ, տարածքային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Մայա Ցքիթիշվիլի:
Փոխվարչապետ Աւինեան նշեց, որ այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը սահմանած է երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հիմնական ուղենիշները՝ համոզում յայտնելով, որ միացեալ ուժերով կողմերը պիտի կարենան այս գործընթացին հաղորդել հետեւողական եւ համակարգուած բնոյթ:
Տիգրան Աւինեան ընդգծեց փոխվստահութեան մթնոլորտը, որ կը տիրէր նիստի աշխատանքներուն ամբողջ ընթացքին՝ նշելով, թէ յանձնաժողովի անդամներուն եւ փորձագէտներուն միջեւ ձեւաւորուած փոխյարաբերութիւններու այս բնոյթը եւս կը նպաստէ ընթացիկ հարցերու վերաբերեալ համաձայնեցուած դիրքորոշումներու առաւել արագ եւ արդիւնաւէտ մշակման: Նոյն ժամանակ, ան աւելցուց, որ շատ կարեւոր է պահպանել այս կշռոյթը եւ յառաջ շարժիլ՝ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները արագօրէն կեանքի կոչելու ուղղութեամբ, որուն բնականաբար կը սպասեն հայ եւ վրացի ժողովուրդները։
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ հարցերու լայն շրջանակ՝ մը ներառեալ ուժանիւթի, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, մարդասիրական եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու վերաբերող հարցեր:
Նիստին աւարտին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 10րդ նիստի արձանագրութեան ստորագրութիւնը: Արձանագրութեան մէջ կ՛արտացոլան երկու կառավարութիւններուն այն հիմնական կատարելիքները, որոնք անհրաժեշտ հիմք կը հանդիսանան երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ