Հայաստանի Եւ Պելոռուսի Նախագահները Հանդիպեցան

By Asbarez | Wednesday, 03 July 2019

0703President

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2 Յուլիսին, Մինսկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Պելոռուսի Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հանդիպումը: Վերջինս ողջունեց Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը՝ կարեւոր նկատելով մօտէն ծանօթանալը երկրին կարելիութիւններուն, այցելելու Պելոռուսի տնտեսութեան հետ կապ ունեցող վայրեր, ունենալու հանդիպումներ յատկապէս տեղեկատուուական արհեստագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ: Լուքաշենքօ հաստատեց, որ Հայաստանի հետ բացարձակապէս փակ թեմաներ չկան: «Մենք միշտ պատրաստ ենք ձեր դիմաց բանալու դռները: Կը կարծեմ, որ դուք համոզուեցաք այս այցելութեան ընթացքին», ըսաւ ան։ Պելոռուսի նախագահը հրաւիրեց հայաստանցի իր պաշտօնակիցը լաւապէս սերտելու տնտեսութիւնը՝ իբրեւ բանիմաց, խելացի եւ գործնական մարդ, ծանօթանալու յատկապէս գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան զարգացման ոլորտներուն եւ ճշդելու, թէ ի՛նչը աւելի օգտակար եւ յարմար է Հայաստանի համար։

Խօսելով երկու երկիրներուն համագործակցութեան մասին՝ նախագահ Լուքաշենքo ըսաւ, որ թէեւ մեծ տարողութեամբ ապրանքներու շրջանառութիւն չունին երկու երկիրները, սակայն տարեկան 50 միլիոն տոլարը վատ չէ, եթէ զայն բաղդատենք նախկին ցուցանիշներուն հետ: Ըստ անոր՝ երկու երկիրներուն միջեւ ջերմ յարաբերութիւններ կան. կան նաեւ համատեղ ձեռնարկութիւններ, որոնց աշխատանքը շարունակելու եւ նոր նախաձեռնութիւններ կատարելու պատրաստակամութիւն գոյութիւն ունի։

Ալեքսանտր Լուքաշենքօ խօսեցաւ նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ եղած յարաբերութեան մասին եւ ըսաւ. «Մենք դաշնակիցներ ենք, կը գործենք նոյն դիրքերուն վրայ: Մենք, ըստ էութեան, նոյնիսկ միջազգային օրակարգի վրայ տարբեր տեսակէտներ չունինք»:

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական երկրորդ խաղերու փակման արարողութեան մասնակցելու հրաւէրին համար՝ աւելցնելով. «Մեծապէս տպաւորուած եմ թէ՛ միջոցառման մասշտաբներով, թէ՛ կազմակերպուածութեամբ ու կարգապահութեամբ:

Նախկին խորհրդային տարածքում Բելառուսը շարունակում է յստակ ուղղութիւններով համարուել չեմպիոն: Այն, ինչ տեսայ՝ կազմակերպուածութիւնը, կարգապահութիւնը, տպաւորիչ է: Ինձ շատ դուր եկաւ այն, որ Բելառուսը շատ երկրներից առաջ է նրանով, որ այստեղ հասկացել են, որ ապագայում՝ 21րդ դարում իրականութիւնն ու վիրտուալ իրականութիւնն իրար փոխլրացնելու են:

Ուրախ էի նաեւ այն փաստի առնչութեամբ, որ հայ մարզիկները պատուով ելոյթ ունեցան: Ուզում եմ շնորհաւորել բոլոր մասնակիցներին, Բելառուսի թիմին, որը հիասքանչ ելոյթ ունեցաւ, մեր մարզիկներին, ովքեր լաւ ելոյթներ ունեցան: Կարծում եմ՝ Բելառուսը պատրաստ է աւելի մասշտաբային միջոցառումներ կազմակերպել: Դուք ունէք տեսլական ու իմաստնութիւն՝ նայելու դէպի ապագան: Առանց ապագայի տեսլականի դժուար է ներկան կառուցել», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement