Հայ-Ռուսական Հետագայ Յարաբերութիւնների Զարգացումը Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի Եւ Ունենալու Է. Փաշինեան

By Asbarez | Wednesday, 03 July 2019

0703Pashinian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ Մոսկուայի Միխայիլ Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի երեւանեան մասնաճիւղի առաջին շրջանաւարտներու աւարտական վկայականներու յանձնման արարողութեան:

Համալսարանի նախագահ Վիքթոր Սատովնիչիի ընկերակցութեամբ՝ համալսարանի տարածքին մէջ շրջագայելէ ետք, Փաշինեան խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն՝ դիտել տալով, որ  Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը ունին լուծման մէկ բանալի՝ գիտելիք, իմացութիւն եւ հետազօտութիւն: Ան նշեց, որ նման համալսարաններ Հայաստանին կը փոխանցեն կրթութեան եւ գիտութեան հետազօտութեան ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող մեծ փորձառութիւնը, որմէ օգտուիլը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար։

«Ես ուզում եմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեանն այս համալսարանի բացման գործում ցուցաբերած շահագրգռութեան եւ աջակցութեան համար: Նման համալսարանները մեզ հնարաւորութիւն են տալիս ընդլայնել մեր մտահորիզոնը: Բազմիցս ասել եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները՝ որպէս ռազմավարական տեսլական, պիտի առնուազն մի քանի օտար լեզուների տիրապետեն: Եւ այդ շարքում ռուսերէնն ունի կարեւոր եւ առանձնայատուկ նշանակութիւն: Ես ուրախ եմ, որ Մոսկուայի պետական համալսարանի գործունէութիւնը Հայաստանում ոչ միայն մեզ հնարաւորութիւն է տալիս հաղորդակցուել այն հսկայական փորձի հետ, որ այն իր հետ բերում է, այլեւ Հայաստանում ռուսերէնի ընդլայնման եւ զարգացման նոր հարթակ է դառնում», յայտնեց Փաշինեան:

Ըստ անոր՝ իբրեւ վկայեալ քաղաքացիներ, շրջանաւարտները իրենց նպաստը պիտի բերեն հայ-ռուսական հետագայ յարաբերութիւններու զարգացման, «որն ինչպէս Հայաստանի համար ունեցել է ռազմավարական նշանակութիւն, այնպէս էլ ունի եւ պիտի ունենայ»:

Իր խօսքը եզրափակելով՝ վարչապետ Փաշինեան յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն։ «Համոզուած եմ, որ ձեզնից իւրաքանչիւրը ծանօթ է մեր յայտնի կարգախօսին եւ այսօր առաւել եւս դուք պիտի իմանաք, որ Հայաստանի ապագան կախուած է մէկ մարդուց, որ այդ մէկ մարդը ձեզնից իւրաքանչիւրն է: Ես ձեզ յաջողութիւն եմ մաղթում ձեր հետագայ գործունէութեան մէջ, որովհետեւ ձեր յաջողութիւնը Հայաստանի յաջողութիւնն է, ձեր յաջողութիւնը հայ ժողովրդի յաջողութիւնն է եւ, հիմա առաւել եւս՝ ձեր յաջողութիւնը Մոսկուայի պետական համալսարանի յաջողութիւնն է, որովհետեւ պիտի մեծացնի նրա հեղինակութիւնը, պիտի բարձրացնի նրա առանց այն էլ բարձր անունը»։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement