Հայաստանի Եւ Արցախի Իրաւանց Պաշտպանները Հանդիպում Ունեցան  Խոստում Հիմնարկի Ղեկավարութեան Հետ

By Asbarez | Thursday, 04 July 2019

0000mib-khosdoum

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ Հայաստանի անոր պաշտօնակից Արման Թաթոյեան, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Հայ իրաւաբանական միութեան ղեկավար կազմին 28 Յունիսին հանդիպում ունեցան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող Մարդկային իրաւունքներու «Խոստում» հիմնարկի (Promise Institute for Human Rights) ղեկավարութեան՝ Քէյթ ՄեքՔինթոշի եւ Ճեսիքա Պիքի հետ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները հակիրճ կերպով ներկայացուցին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակը եւ հիմնական մարտահրաւէրները՝ անդրադառնալով նաեւ իրենց հաստատութիւններու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն:

Արտակ Բեգլարեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի միջազգային իրաւական կարգավիճակին ու Ատրպէյճանի մեկուսացման քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք արցախցիներու իրաւունքներու խախտումներուն եւ սահմանափակումներուն՝ ընդգծելով, որ այդպիսի պայմաններու մէջ մարդու իրաւունքները մեծապէս խոցելի են. ուստի, միջազգային հանրութիւնը պարտաւորութիւն ունի պատշաճ ուշադրութիւն դարձնելու գոյութիւն ունեցող հարցերուն։ Ան այս առումով շեշտը դրաւ գիտահետազօտական հաստատութիւններու կարեւոր դերակատարութեան վրայ՝ յոյս յայտնելով, որ «Խոստում» հիմնարկը օրինակ կը ծառայէ շատերուն:

Կողմերը քննարկեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր եւ անդրադարձան համագործակցութեան հետագայ կարելիութիւններուն։

Նշենք, որ Մարդկային իրաւունքներու «Խոստում» հիմնարկը հաստատուած էր հանգուցեալ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի նիւթական աջակցութեամբ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement