ԵԱՀԿի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Յանձնախումբերը Հայանպաստ Որոշումներ Կը Վաւերացնեն

By Asbarez | Tuesday, 09 July 2019

0709OSCE-Genocide

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբը ողջունեց Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի կողմէ Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հաստատումը, հաղորդեց ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի՝ այդ պարբերութեան որդեգրումը չարտօնելու փորձերը ձախողեցան:

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի Քաղաքական հարցերու յանձնախումբը որդեգրեց ֆրանսացի պատուիրակի մը կողմէ առաջարկուած կէտ մը, որով կ՛արձանագրուի, թէ Արցախի հիմնահարցը պէտք է լուծուի բացառապէս Մինսկի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափին մէջ՝ երեք հաւասարազօր սկզբունքներու հիմամբ՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրարկում, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքերու յարգում:

Հայաստան կրցաւ կանխարգիլել նաեւ բանաձեւերէն մէկուն մէջ հակահայ ձեւակերպումներու ընդգրկումը:

«Մեզի համար ամէնէն հիմնական հարցը այն էր, որ Քաղաքական յանձնախումբը կը քննարկէր իրլանտացի երեսփոխանի մը կողմէ առաջարկուած բանաձեւ մը, ուր տարբեր պատճառներով տեղ գտած էին որոշ հակահայ կէտեր: Բնականաբար կը հասկնանք, որ այս բոլորը չէին կրնար տեղի ունենալ առանց ատրպէյճանցիներու աշխոյժ միջամտութեան: Այն պահէն, երբ տեղեկացանք, որ այդպիսի բան կայ, սկսանք խորհրդարանական դիւանագիտութեան բոլոր խողովակներով աշխատելու, որպէսզի կանխարգիլենք բոլոր հակահայ ձեւակերպումները: Մասնաւորաբար բանաձեւին մէջ կար ձեւակերպում մը՝ այսպէս կոչուած «Ատրպէյճանի 7 շրջաններուն վերաբերեալ»: Մեր պատուիրակութիւնը իր աշխոյժ ջանքերով կրցաւ այնպէս ընել, որ այդ անհեթեթ ձեւակերպումը դուրս գայ, եւ անիկա պիտի չըլլայ ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի բանաձեւին մէջ», կ՛ըսէ Կոնջորեան:

Ան նշեց, որ Ատրպէյճան ան-ընդհատ կը փորձէ բանակցային հոլովոյթը դուրս բերել ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ձեւաչափէն, եւ կը փորձէ օգտագործել բոլոր հարթակները, որպէսզի իր խայտառակ միակողմանի բառապաշարը միջազգային ընտանիքին մօտ դարձնէ քննարկման առարկայ: Այս առումով ան շատ կարեւոր նկատեց, որ կարելի եղաւ Խորհրդարանական վեհաժողովին մակարդակով հաստատել, որ Արցախի հարցով զբաղող միակ օրինական կառոյցը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի եռանախագահութիւնն է, եւ հարցը պէտք է լուծուի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի հաւասար սկզբունքներուն հիման վրայ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement