Վարչապետը Սինկափուրի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Քննեց Երկկողմանի Կապերու Զարգացման Հեռանկարները

By Asbarez | Wednesday, 10 July 2019

0710Pashinian Singapore

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Սինկափուրի խորհրդարանի նախագահ Թան Չուան-Ճինի հետ:

Փաշինեան կարեւոր նկատեց այս այցելութիւնը եւ նշեց, որ բոլոր հանդիպումները տեղի ունեցան արդիւնաւէտ, գործնական ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ՝ հաստատելով, որ Հայաստան հետամուտ է կապերու զարգացման, յատկապէս՝ քաղաքական ու տնտեսական, որուն կը ծառայէ գործարարներու միջեւ համագործակցութիւնը։ Այդ առումով, ան կարեւոր նկատեց Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Սինկափուրի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի ստորագրութիւնը եւ կարճ ժամկէտի մէջ անոր վաւերացումը։

Սինկափուրի խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց երկկողմանի պատմական եւ մշակութային կապերու առկայութեան փաստը եւ աւելցուց, որ անոնք լաւ հիմք են կառավարութիւններու եւ խորհրդարաններու միջեւ համագործակցութեան նոր ազդակ հաղորդելու համար:

Զրուցակիցները նաեւ ընդգծեցին միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ խորհրդարանականներու՝ միջազգային հարթակներու վրայ սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ Սինկափուրի զարգացման փորձին եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու:

Վարչապետ Փաշինեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Սինկափուրի տնտեսական զարգացման կառավարման խորհուրդին հետ, որուն նախագահը՝ Պեհ Սուան Կին հաստատեց, որ իր գլխաւորած խորհուրդը պատրաստակամութիւն յայտնած է իրականացնելու փորձառութեան փոխանակում, տրամադրելու թեքնիք օժանդակութիւն: Հանդիպման ընթացքին վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան ներկայացուեցան ենթակառուցուածքներու, արդիւնաբերութեան, ներդրումներու ներգրաւման, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ Սինկափուրի զարգացման փորձառութիւնը եւ տպաւորիչ ցուցանիշները, տնտեսութեան ոլորտին մէջ հարեւան պետութիւններու հետ համագործակցութեան արդիւնքները:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատեց Սինկափուրի տնտեսական զարգացման կառավարման խորհուրդին հետ համագործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց փոխգործակցութեան պատրաստակամութեան համար:

comments