By Asbarez | Wednesday, 10 July 2019
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Սլովաքիոյ մէջ ընթացող ԵԱՀԿի ոչ-պաշտօնական նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ, 8 Յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) տնօրէն Ինկիպէորկ Սոլրուն Կիսլատոթիրի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿի օրակարգային հարցերուն, կազմակերպութեան գործունէութեան երեք հարթութիւններու վրայ Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան:
Կողմերը անդրադարձան նախորդ Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ բարձր գնահատելով ընտրական ընթացքին մէջ ԵԱՀԿի ԺՀՄԻԳի հետ սերտ համագործակցութիւնը:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի մէջ իրականացող մարդու իրաւունքներու խրախուսման եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող բարեփոխումներուն շուրջ, որոնց կարգին՝ դատաիրաւական ոլորտին մէջ:
Նախարար Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը շարունակելու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը միջազգային գործընկերներուն հետ՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու խթանման ու ձեռքբերումներու ամրապնդման գործին մէջ: Երկուստեք յատուկ կերպով անդրադարձան ԵԱՀԿի յանձնառութիւններու ծիրին մէջ այս ուղղութիւններով համագործակցութեան առաւել ամրապնդման:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ