Նախարար Տօնոյեան Ընդունեց ՆԱԹՕի Յատուկ Նշանակութիւն Ունեցող Գործողութիւններու Հրամանատարութեան Ղեկավարը

By Asbarez | Friday, 12 July 2019

0712General

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՆԱԹՕի յատուկ նշանակութիւն ունեցող գործողութիւններու հրամանատարութեան ղեկավար, փոխծովակալ Քոլին Քիլրէինը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ուսումնավարժական եւ փորձառութեան փոխանակման ոլորտին մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու եւ ՆԱԹՕի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին փոխծովակալ Քիլրէին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան զինուորականներու հետ:

comments