Զբօսաշրջիկները Հայաստանի Մէջ Ծախսած Են 120 Միլիոն Տոլար Աւելի, Քան Նախորդ Տարի

By Asbarez | Friday, 12 July 2019

0712Tourist

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ընթացիկ տարուան առաջին 6 ամիսներուն, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկները ծախսած են 120 միլիոն տոլար աւելի, քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին: Այս մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ դրական ընթացք կայ։

Ըստ Փաշինեանի՝ այս մէկը յայտնի դարձած է՝ ուսումնասիրելով արտասահմանի մէջ տրուած դրամատնային քարտերով կատարուած վճարումները պանդոկներուն, ճաշարաններուն եւ այլ վայրերու մէջ։

Նիկոլ Փաշինեան դիմեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանին եւ ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանին՝ նշելով. «Իրաւակարգը շատ կարեւոր է զբօսաշրջիկների զգացողութեան համար: Հայաստանում քաղաքացիներն ու զբօսաշրջիկները պէտք է իրենց անվտանգ զգան, եւ դա շատ կարեւոր է զբօսաշրջութեան հետագայ զարգացման համար»:

Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան նշեց, որ այս տարուան Յունիսին, նախորդ տարուան Յունիսին հետ բաղդատած՝ արտասահմանեան քարտերով գործարքներուն աճը ճաշի սպասարկութեան կէտերուն մէջ կազմած է 75 տոկոս, պանդոկներուն՝ 32 տոկոս աճ, կանխիկացման գործարքները՝ 22 տոկոս աճ, գործակալութիւններուն մէջ՝ 36 տոկոս աճ, իսկ հանրախանութներուն՝ 38-74 տոկոս աճ:

«Այս տարուայ 6 ամսում զբօսաշրջիկների թիւն աճել է 85 հազարով կամ 12.3 տոկոսով: Մենք 2013ին հետազօտութիւն ենք արել եւ պարզել, որ ամէն զբօսաշրջիկ Հայաստանում ծախսել է 730 դոլար: Այսօրուայ վերլուծութիւնները ցոյց են տալիս, որ այդ թիւը 880 դոլար է: Հիւրանոցների թիւը 2013ի համեմատ գրեթէ կրկնապատկուել է, աճել է 300ով», դիտել տուաւ Կեդրոնական դրամատան նախագահը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement