Ստեփանակերտը Կը Պատրաստուի Համահայկական 7րդ Ամառնային Խաղերուն

By Asbarez | Friday, 12 July 2019

0712panarmenian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կ՛ընթանան Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական փորձերը:

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան յայտնեց, որ փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ 25 Յուլիս, իսկ 27 Յուլիսին պիտի սկսին գլխաւոր փորձերը, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 5 Օգոստոս:

6 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Փորձերը կ՛ընթանան լաւ: Բացման արարողութիւնը պիտի ըլլայ շատ գեղեցիկ. կան հետաքրքրական անակնկալներ: Մեծ տեսարաններու մէջ ընգրկուած են շուրջ 1500 մասնակցողներ՝ պարողներ, դերասաններ եւ կամաւորներ, որոնց հետ խաղերու գլխաւոր բեմադրիչը այժմ փորձեր կը կատարէ», աւելցուց Զաքարեան:

Խօսելով մարզադաշտին մասին՝ ան ըսաւ, որ մարզադաշտը փոքր է:

Ըստ անոր՝ այժմ համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի ներկայացուցիչները ունին 4-5 հազար հրաւիրատոմսի պատուէր: «Կը փորձենք մարզադաշտը այնպէս օգտագործել, որ բացման արարողութեան կարենան մասնակցիլ 7-8 հազար հանդիսատեսներ: Խաղերու բացման արարողութեան ընդգրկուած պիտի ըլլան 7-8 հազար անձեր՝ շքերթի, ստեղծագործական խումբի եւ այլ ուրիշներ», ըսաւ Զաքարեան:

«Խնդիրը կը նախատեսենք լուծել տեղադրելով երկու մեծ պաստառ, որոնցմով ուղիղ հեռարձակում պիտի կատարուի: Անոնք պիտի կը տեղադրուին Վերածնունդի հրապարակին աջ եւ ձախ կողմերը: Այն անձերը, որոնք կարելիութիւնը չեն ունենար մտնելու մարզադաշտ, գոնէ հրապարակէն կրնան հետեւիլ բացման արարողութեան: Մարզադաշտ մուտքը ազատ պիտի ըլլայ», ըսաւ Զաքարեան:

Ըստ Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու գլխաւոր մրցավար Դերենիկ Գաբրիէլեանի՝ խաղերուն մեկնարկը պիտի տրուի Արցախէն, անիկա ապա պիտի շարունակուի Հայաստանի մէջ:

«Ֆութպոլի խաղերը տեղի պիտի ունենան Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի նորակառոյց մարզադաշտերուն մէջ, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակակից չափանիշներուն: Պէտք է նշեմ, որ թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ կայ մարզադահլիճներու պակասը: Եթէ մենք կ՛ուզենք համահայկական խաղերը զարգացնել, պէտք է մտածել նոր մարզադաշտեր ստեղծելու մասին: Ստեղծուած են կառավարական յանձնաժողովներ, որոնք կը զբաղին այս հարցերով: Համահայկական խաղերուն արդէն արձանագրուած են առաւել 350 մրցավարներ, որոնցմէ 150ը պիտի մասնակցի շքերթին», ըսաւ Գաբրիէլեան:

comments