Սերժ Սարգսեանի Խնամի Արա Մինասեանի Նկատմամբ Յայտարարուած Է Հետախուզութիւն

By Asbarez | Saturday, 13 July 2019

 

 

0713araminasyan

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի խնամիին, Վատիկանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հօր՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի նախկին տնօրէն Արա Մինասեանի մեղադրանքը վերաորակուած է, եւ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Այս մասին յայտարարած է Քննչական կոմիտէն եւ ընդգծած, որ նկատի ունենալով այն, թէ Մինասեան կը թաքնուի քննութենէն եւ յստակ չէ անոր գտնուած վայրը, Արա Մինասեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզութիւն:

Արա Մինասեան կը մեղադրուի փաստաթուղթեր կեղծելու եւ առանձնապէս մեծաքանակ խարդախութիւն կատարելու յանցանքով։

Քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի պետ Նայիրա Յարութիւնեան, աւելի մանրամասնութիւն տալով, ըսած է. «Արա Մինասեանին այս պահի դրութեամբ մեղադրանք է առաջադրուել: Առանձնապէս խոշոր չափի իւրացում կատարելու մասին է խօսքը, եւ այդ յօդուածով երկու դրուագով է միաժամանակ մեղադրանք առաջադրուել Արա Մինասեանին: Իր կարգադրիչ լիազօրութիւնների բժշկական կենտրոնի շահերին հակառակ օգտագործելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պատճառուել է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 908 միլիոն դրամից աւել գոյքային վնաս: Առանձնապէս խոշոր չափի՝ 45 միլիոն 402 հազար 392 դրամ, 27 միլիոն դրամից աւելի ՀՀ դրամ վատնում կատարելու եւս կայ երկու դրուագ: Եւ մի խումբ անձանց կողմից նախնական համաձայնութեամբ փաստաթղթերի կեղծիք կատարելու համար»:

Արա Մինասեանի փաստաբանը՝ Տիգրան Ղազարեան, մերժած է խօսիլ այս մասին, նշած է, որ տակաւին Քննչական կոմիտէի տարածած յայտարարութեան ծանօթ չէ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement