Հայաստանի Մէջ 6 Տոկոսով Աւելցած Են Թմրամոլները

By Asbarez | Tuesday, 16 July 2019

0716bedros

ԵՐԵՒԱՆ.- Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, «Նարկոլոգիական հանրապետական կենտրոն»ի տնօրէն Պետրոս Սեմերջեան յայտնեց, որ 1 Յունուար 2019ի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաշուըւած են 6951 թմրամոլեր, որոնք նախորդ տարուան հետ համեմատած 6 տոկոսով աւելի են:

Ան ըսաւ, որ 6951 թմրամոլներէն 116ը կիներ են, իսկ 3ը՝ անչափահաս: Անդրադառնալով տարիքային խումբին՝ Սեմերջեան տեղեկացուց, որ անոնց մեծամասնութիւնը 30էն 40 տարեկան են:

«Հաշուառուած ասելով՝ նկատի ունենք այն, որ մարդիկ տարբեր պատճառներով յայտնուել են առողջապահութեան տեսադաշտում: Կայ նաեւ ուրիշ վիճակագրութիւն՝ հետազօտութիւնները: Թմրամոլների թիւը Հայաստանում որոշելու համար վերջին անգամ անցկացուել են 2011 թուականին: Պարզուել է՝ թմրամիջոց չարաշահում է մօտ 30,000 հոգի», ըսաւ Պետրոս Սեմերջեան՝ նոյն ժամանակ շեշտելով նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի տուեալները համեմատաբար աւելի մեղմ են, օրինակ՝ դրացի Վրաստանի մէջ, ըստ ներկայացուած տուեալներուն, 400,000 թմրամոլներ կան, իսկ Իրանի մէջ՝ շուրջ 3 միլիոն:

Լրագրող մը դիտել տուաւ, որ մարիխուանայի ազատականացման վերաբերեալ խօսակցութիւններ կան, ի՞նչ հարցեր կրնան ծագիլ, ի՞նչ վտանգներ կրնան յառաջանալ. Պետրոս Սեմերջեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը սկզ-բունքօրէն դէմ է մարիխուանայի ազատականացմանը եւ օրինականացմանը, որովհետեւ այդտեղ առողջապահական բազմաթիւ վտանգներ է տեսնում: Կախուած է նրանից, թէ երկիրն ինչպէ՞ս է ընկալում ազատականացումն ու օրինականացումը: Տարբեր երկրներ, որոնք օրինականացրել են, միեւնոյն ժամանակ մտցրել են որոշակի սահմանափակումներ, ասենք՝ մինչեւ 18 կամ 24 տարեկանների համար, հանրային վայրերում, որոշակի աշխատանքներ իրականացնելիս եւ այլն»:

Ան պնդեց նաեւ, որ իւրաքանչիւր երկիր կ՛ընտրէ իր մօտեցումը, իսկ Հայաստան 1993ին ստորագրեց թմրեցուցիչի վերաբերող ՄԱԿի ուխտը՝ պարտաւորուելով կատարել բոլոր դրոյթները, որոնց կարգին՝ կանեփէն պատրաստուած թմրամիջոցներու խիստ հսկողութիւն:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement