Միրզոյեան Փելոսիի Հետ Քննեց Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները

By Asbarez | Thursday, 18 July 2019

0718pelosi

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան 16 Յուլիսին հանդիպում ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան վարչութիւնը:

Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նորագոյն զարգացումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նենսի Փելոսիին՝ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն սերտացման մէջ երկար տարիներու աջակցութեան համար:

Իր կարգին, Փելոսի մեծապէս կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:

comments