By Asbarez | Friday, 23 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 23ին պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, թէ հայ-իրանական յարաբերութիւններու զարգացման համար ոչ մէկ բացասական կամ արգիլող հանգամանք գոյութիւն ունի:
Իր խօսքին մէջ Իրանի նախագահը մասնաւորապէս ըսած է, թէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները շատ լաւ մակարդակի վրայ են: «Բացի մեր բարիդրացիական յարաբերութիւններէն, մենք նոյն մշակոյթի կրողներն ենք: Արդարութիւնը, մարդկայնութիւնը եւ բարեկամութիւնը այն արժէքներն են, որոնք գոյութիւն ունին երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ: Երկու ժողովուրդներուն աւանդոյթները եւ սովորոյթները, իրենց հերթին, ցոյց կու տան փոխադարձ մտերմութիւնը», ըսած է Ահմատինեժատ:
«Պարոն նախագահին հետ շատ լաւ բանակցութիւններ ունեցանք: Ես ըսի, որ աշխարհի մէջ ոչ ոք կրնայ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քարտէսը փոխել: Մենք հարեւան եւ բարեկամ ենք եւ պէտք է իրարու հետ կողք-կողքի ապրինք ու մեր աշխատանքները առաջ տանինք: Մենք յարաբերութիւններու զարգացման համար սահմանափակումներ չունինք», ընդգծած է Իրանի նախագահը:
Ահմատինեժատ նաեւ նշած է, թէ բանակցութիւններ ունեցած է Արաքսի ջրաելեկտրակայանի ու այլ հարցերու կապակցութեամբ, ու աւելցուցած. «Անդրադարձանք նաեւ տարածաշրջանային քանի մը այլ խնդիրներու: Բարեբախտաբար, մեր տեսակէտները՝ տարածաշրջանի խնդիրներուն հետ կապուած, շատ մօտ են եւ նման: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ ծրագիրներու իրագործման նպատակով երկու երկիրներու համապատասխան պաշտօնատար անձերու միջեւ հնարաւորինս արագ հանդիպումներ կազմակերպուին»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ