Նախագահ Արմէն Սարգսեան Իր Մէկ Տարուան Աշխատավարձը Նուիրեց Մեր Գիւմրի Ծրագիրին

By Asbarez | Wednesday, 31 July 2019

0731gyumri

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ տարուան աշխատավարձը՝ շուրջ 23 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի «Մեր Գիւմրի» ծրագիրին: Այս մասին նշուած է նախագահի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ աշնան Գիւմրիի մէջ պիտի սկսի հասարակական բնակարանաշինութեան նոր ծրագիր մը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր մէկ տարուան աշխատավարձը՝ շուրջ 23,000 ամերիկեան տոլար՝ նուիրեց «Մեր Գիւմրի» ծրագիրին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան կոչ ըրաւ վերակառուցելու Գիւմրին:

«Գիւմրին մեր տունն է, եկէք վերակառուցենք մեր տունը, կենդանութիւն տանք: Անիկա իւրայատուկ քաղաք է՝ գեղեցիկ պատմութիւն ու լաւ մարդիկ ունեցող», յայտնեց նախագահը:

comments