Արցախի Ղեկավարութիւնը Լրջօրէն Կը Պատրաստուի Համահայկական Խաղերուն

By Asbarez | Thursday, 01 August 2019

0801pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Չորեքշաբթի, 31 Յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ անձնապէս կը վերահսկէ Համահայկական ամառնային 7րդ խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն, այս անգամ հրաւիրեց ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Քննարկման օրակարգին վրայ էր արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր, եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու կազմակերպման:

Երկրին ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:

comments