Աշոտ Ղուլեան Ընդունեց Կլենտէյլի Քաղաքային Խորհուրդի Անդամ Վարդան Կարապետեանը

By Asbarez | Thursday, 08 August 2019

0808vartangharbetyan

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 6 Օգոստոսին ընդունեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեանը:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի տնտեսութեան, համահայկական տարողութիւն ունեցող ծրագիրներու եւ Սփիւռքի՝ մասնաւորապէս Կլենտէյլի հայկական համայնքին հետ համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեան:

comments