Բակօ Սահակեան Ընդունեց Պուլկարիոյ Երեսփոխաններ

By Asbarez | Friday, 09 August 2019

0809Pago

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Օգոստոսին ընդունեց Պուլկարիոյ խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ: Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

Քննարկուեցան Պուլկարիա-Արցախ խորհրդարանական եւ մարդասիրական կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Պուլկարիոյ խորհրդարանականներուն Արցախ այցելութիւնը կը կրէ պարբերական բնոյթ՝ յոյս յայտնելով, որ փոխգործակցութիւնը ալ աւելի կը խորանայ ու կ՛ընդլայնուի: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:

comments