Նիկոլ Փաշինեան Տեսակցեցաւ Ղրղզիստանի Նախագահին Հետ

By Asbarez | Saturday, 10 August 2019

0810Nigol-Soronba

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Ղրղզիստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 Օգոստոսին հանդիպում ունեցաւ երկրի նախագահ Սորոնպա Ճէենպեքովի հետ:

Հայաստանի վարչապետը եւ Ղրղզիստանի նախագահը քննարկեցին քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման, երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան խորացման եւ առեւտրական շրջանառութեան ծաւալի բարձրացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս տարուան Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրասիական Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին վերաբերող հարցերու։

Անոնք միտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ եւս: Ղրղզիստանի նախագահը խօսեցաւ երկրին ներքաղաքական զարգացումներուն մասին:

comments