Մասիս Մայիլեան Ընդունեց The HALO Trustի Նոր Ղեկավարը

By Asbarez | Saturday, 17 August 2019

0817massismayilian

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 16 Օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունեց Արցախի մէջ The HALO Trust միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան ծրագիրի նորանշանակ ղեկավար Էդուարդ Ռոպերթ Սայֆրետը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հանրապետութեան տարածքին մէջ ականազերծման եւ չպայթած ռազմամթերքի վնասազերծման ուղղութեամբ The HALO Trustի հետագայ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ֆինանսաւորման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։

Նախարարը գոհունակութիւն յայտնեց երկրի բնակչութեան կեանքի անվտանգութեան ապահովման առաջադրանքով կազմակերպութեան աշխատակիցներուն տարած գործունէութեան գծով եւ վերահաստատեց արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պատրաստակամութիւնը՝ հետագային եւս աջակցելու Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման։

Մասիս Մայիլեան The HALO Trustի նոր ղեկավարին յաջողութիւն մաղթեց այս կարեւոր առաքելութեան մէջ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement