Դաւիթ Տօնոյեան Հանդիպում Ունեցաւ Սերկէյ Շոյկուի Հետ

By Asbarez | Tuesday, 20 August 2019

0820Donoian

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 17 Օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ռուսիա՝ «Միջազգային բանակային խաղեր-2019» մրցաշարքի մասնակիցներու պարգեւատրման եւ միջոցառումներու փակման հանդիսաւոր արարողութիւններուն մասնակցելու համար:

Նախարարութեան կայքէն կը տեղեկացնեն, որ նոյն օրը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Տօնոյեանի հանդիպումը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ռազմական եւ ռազմական-թեքնիք համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Գոհունակութիւն յայտնելով յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին վերաբերեալ եւ ընդգծելով անոնց ռազմավարական բնոյթը՝ երկու պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները կարեւոր նկատեցին միացեալ մարտական պատրաստութեան, գործնական ծրագրաւորման, ռազմական կրթութեան, Ռուսիոյ 102րդ ռազմակայանի մարտունակութեան ամրապնդման եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումը:

Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր:

Դաւիթ Տօնոյեան եւ Սերկէյ Շոյկու ձեռք բերին շարք մը կարեւոր պայմանաւորուածութիւններ՝ երկկողմանի ռազմաքաղաքական, ռազմական եւ թեքնիք ծրագիրներու իրականացման վերաբերող։

Դաւիթ Տօնոյեան եւ Սերկէյ Շոյկու անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ մէջ ցուցաբերուող մարդասիրական միացեալ օգնութեան, զոր շատ բարձր գնահատեց Շոյկուն՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի վիրաբուժները  քանի մը հարիւր վիրահատութիւն կատարած են հոն։  Ան շեշտեց, թէ ասիկա մեծ ու կարեւոր աշխատանք է, որ իր ներդրումը պիտի ունենայ շրջանի կացութեան բնականոնացման մէջ։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement