By Asbarez | Thursday, 22 August 2019
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 21 Օգոստոսին իրլանտական «RyanAir» օդանաւային ընկերութեան առեւտրական բաժինի գլխաւոր տնօրէն Տէյվիտ Օ՛պրայընի եւ ուղղութիւններու զարգացման ղեկավար Քէյթ Շերիի հետ ունեցաւ հանդիպում մը եւ հաստատեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը զբօսաշրջութիւնը կը նկատէ առաջնահերթութիւն, մանաւանդ որ ոլորտը զարգացման մեծ ներուժ ունի. ըստ անոր՝ այս պարունակին մէջ կարեւոր քայլերէն է քաղաքացիական ճամբորդութեան զարգացումը:
Փաշինեան ըսաւ, որ գործադիրը կարեւոր կը նկատէ ճամբորդական բնագաւառին մէջ յառաջատար հանդիսացող «RyanAir»ի ներգրաւումը հայկական շուկային մէջ՝ նշելով, թէ այդ հանդիպումը լաւ առիթ է համագործակցութեան կարելիութիւնները քննարկելու համար:
Տէյվիտ Օ՛պրայըն նշեց, որ ընկերութիւնը մտադրութիւն ունի յառաջիկային մուտք գործելու հայկական շուկայ, եւ «Զուարթնոց» օդակայանին հետ ներկայիս քննարկումներ կը կատարէ այդ գործընթացին շուրջ: Ան ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու տեսլականը՝ խօսելով Հայաստանէն նոր ուղղութիւններով թռիչքներու, սակերու քաղաքականութեան եւ այլ հարցերու մասին:
Վարչապետ Փաշինեան, ողջունելով ընկերութեան՝ Հայաստան մուտք գործելու մտադրութիւնը՝ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց կարելի եղածին չափ աջակցելու այդ գործընթացին: Կառավարութեան ղեկավարը առաջարկեց շարունակել միացեալ աշխատանքը՝ փոխշահաւէտ համագործակցութեան յստակ տարբերակի մը շուրջ:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին