Գիւմրիի Մէջ Պիտի Հիմնուի Ազատ Տնտեսական Գօտի

By Asbarez | Friday, 30 August 2019

Գիւմրի

Գիւմրի

Ստեղծելով 13 Հազար Նոր Աշխատատեղեր

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքին մէջ արտադրական ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու նախագիծին:

Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի սպասարկել ելեկտրոնային առեւտուրի պահեստներուն եւ արտածուելիք արտադրական գործընթացներուն: Ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումը նպատակ ունի խթանել օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները, երկրի ներդրումային գրաւչութիւնը աւելցնել, նոր աշխատատեղեր ստեղծել եւ կայուն տնտեսութիւն զարգացնել։

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան ըսաւ, որ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումը նպատակ ունի ներգրաւել օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներ, ստեղծել աշխատատեղեր եւ խթանել կայուն զարգացումը: Ըստ անոր՝ ազատ տնտեսական գօտին պիտի տեղակայուի Շիրակ միջազգային օդակայանին կից։

Նախատեսուած է 10էն 12 տարիներու ընթացքին կառուցել 319 հեկտար տարածքով ազատ տնտեսական գօտի մը, որուն ամբողջական գործարկումը պիտի իրականացուի 5 փուլերով: Առաջին փուլը կը գործարկուի 30 հեկտար տարածքի վրայ: Ազատ տնտեսական գօտիի ամբողջական գործարկումով աշխատանք կ՛ապահովուի շուրջ 13 հազար հոգիի:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement