Հենրիկ Մխիթարեան Փոխ Տրուեցաւ Ա. Էս. Ռոմաին

By Asbarez | Wednesday, 04 September 2019

henrikhmkhitaryan0309bՀՌՈՄ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան 2 Սեպտեմբերին մէկ տարեշրջանի համար անգլիական »Արսենալ«ի կողմէ փոխ տրուեցաւ իտալական «Ա. Էս. Ռոմա»ին, հաղորդեց վերջինիս պաշտօնական կայքը:

Մխիթարեան իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 77 մարզաշապիկը:

Ըստ «90min» կայքին՝ իտալական ակումբը Մխիթարեանին պիտի վճարէ շաբաթական մօտաւորապէս 215,000 տոլարի վարձատրութիւն եւ կրնայ զայն մնայուն կերպով կազմին միացնել։

Մխիթարեան յայտնեց, որ ուրախ է այս փոխանցումով, որ հաւանաբար աւելի երկար ժամանակ խաղալու առիթ պիտի ընծայէ իրեն։

comments