Փաշինեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ ՄԱԿի Մէջ. Մնացականեան

By Asbarez | Saturday, 07 September 2019

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Փանորամա».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան՝ իր նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմին եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներուն ամէնամեայ համաժողովը եզրափակելով՝ 6 Սեպտեմբերին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն։

Նախարարը ըսաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 74րդ նստաշրջանին: «Մենք շատ հետեւողականօրէն օգտագործում ենք ՄԱԿի կարեւոր հարթակը բարձր ղեկավարութեան մակարդակով մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգը առաջ տանելու համար: Լինելու է վարչապետի ելոյթը նստաշրջանի ժամանակ: Լինելու են երկկողմ հանդիպումներ, տարբեր այլ միջոցառումներ եւ ելոյթներ», աւելցուց նախարարը։

Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին՝ Մնացականեան յայտնեց, որ ողջունելի տուեալներ չկան հոն, որովհետեւ Թուրքիա կը մերժէ Ցիւրիխի գործընթացը եւ կը շարունակէ շրջափակումը, Ղարաբաղեան տագնապին նկատմամբ ունի խիստ ընդգծուած կողմնակալ վերաբերմունք, նաեւ կը շարունակէ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Կրկնում եմ, որ մենք պատրաստ ենք առանց նախապայմանների դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանը Թուրքիայի հետ: Սակայն գործընթացը ենթադրում է երկու կողմ: Չեմ կարող ասել, որ մենք որեւէ լաւ լուր ունենք ասելու այսօր», դիտել տուաւ ան։

Լրագրող մը հարցուց, որ մէկ կողմէ կայ թուրք-ռուսական համագործակցութիւնը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ, միւս կողմէ՝ Հոկտեմբերին Իրանի նախագահին Հայաստան ակնկալուող այցելութիւնը, արդեօք ի՞նչ ակնկալութիւններ կան Թեհրանի բարձրաստիճան անձնաւորութեան Երեւան այցելութենէն։

Նախարարը պատասխանեց, որ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման գործընթացը չափազանց բարդ ու բազմաշերտ է, իսկ սուրիական հարցը Հայաստանի համար շատ զգայուն է, եւ անիկա կը դրսեւորուի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու միջոցով:

«Այստեղ մենք առաջին հերթին առաջնորդւում ենք այն սկզբունքով, որ ունենք մեր արտայայտած զգայնութիւնը, գերակայութիւնը, որը վերաբերում է մեր հայրենակիցների անվտանգութեանը: Մեր մարդասիրական առաքելութիւնը հէնց այդ նպատակն է հետապնդում», յայտնեց նախարարը:

Նախարար Զօհրապ Մնացականեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ լուրեր շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ՝ իբր թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պայման դրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ իր Հայաստան այցելելէ առաջ ազատ արձակէ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը, ըսաւ. «Բամբասանքներ, ասեկոսներ, պայման դնել եւ այլն, խնդրեմ, աւելի լուրջ վերաբերուել մեր սկզբունքին: Կան ներքաղաքական, ներքին իրաւական, դատական հարցեր: Միակ պատասխանը՝ աւելի լուրջ վերաբերուել մեր սկզբունքին»:

Ան ըսաւ, որ կը նախապատրաստուին 1 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք խորհրդաժողովին, որուն պիտի մասնակցին ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու ղեկավարները: «Վստահ եմ, որ անցկացնելու ենք շատ արդիւնաւէտ, լաւ գագաթաժողով, վստահ եմ, որ հայ-ռուսական միջպետական յարաբերութիւնները միայն շահելու են այդ գագաթաժողովից», նշեց Զ. Մնացականեան:

Ըստ Մնացականեանի՝ Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի յստակ ձեւաւորուած, աւանդական ռազմավարական համագործակցութիւն. «Մենք բազմաթիւ գործընկերների հետ ունենք մեր համագործակցութեան օրակարգը, եւ այդ բոլոր ուղղութիւններում ունենք մեր գերակայութիւնը, գործընկերները՝ հաշուի առնելով, բնականաբար, միջազգային ներկայիս յարաբերութիւնների օրակարգի դինամիկան: Իւրաքանչիւր գործընկերոջ հետ մեր յարաբերութիւնները կառուցում ենք՝ երբեւէ բացառելով նման համագործակցութիւնը մեր միւս գործընկերոջ հետ յարաբերութիւնների հաշուին է:»

Ան խօսեցաւ նաեւ Իրանի հետ կապերուն մասին՝ դիտել տալով, որ երկու երկիրները ունին բաւական ընդգրկուն, աւանդական օրակարգ, կը միտին խորացնել համագործակցութիւնը այնպէս, որ կարելի ըլլայ արդիւնքներու հասնիլ:

«Իրանի հետ յարաբերութիւններում ունենք բաւական ծաւալուն օրակարգ, որի նպատակն է թէ՛ տարածաշրջանային անվտանգութեան, թէ՛ զարգացման բնագաւառում խորացնել համագործակցութիւնն այնպէս, որպէսզի կարողանանք արդիւնքներ ձեւաւորել այս նպատակը հետապնդելու առումով: Սա մեր ազգային շահերից է բխում: Իրանի հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները բաւական ակտիւ (աշխոյժ-Խմբ.) շարունակել ենք: Հայաստանի անդամակցութիւնը ԵԱՏՄում հնարաւորութիւն է տալիս հետապնդել մեր շահերը նաեւ այդ շրջանակի միջոցով», դիտել տուաւ ան։

Ըստ Մնացականեանի՝ շուտով պիտի կայանայ իր եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հերթական հանդիպումը: «Մեր կառավարութիւնը շատ յստակ արտայայտել է լրջութիւնը մեր մտադրութիւնների՝ ակտիւ (աշխուժ-Խմբ.) աշխատելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ուղղութեամբ, եւ այս տարուայ ընթացքում արտգործ նախարարների եւ երկու երկրների ղեկավարների միջեւ հանդիպումների թիւն արդէն ի ցոյց է դնում այդ լրջութիւնը: Մեր հանդիպումը նախանշուած է, տեղի է ունենալու շուտով, մենք համաձայնութիւն ունենք միաժամանակ յայտարարելու հանդիպման մասին, ես, բնականաբար, չեմ ցանկանայ խախտել այն», շեշտեց նախարարը:

Լրագրողները հարցուցին նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջեւ հաւանական հանդիպումին մասին։ Մնացականեան նշեց, որ այս տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հետ ունին բաւարար երկխօսութիւն՝ բարձր մակարդակով, իսկ այդ կապը աշխուժացնելու սահմանափակում գոյութիւն չունի։

«ԱՄՆ նախագահի հետ հանդիպում կը լինի: Երբ կը լինի՝ շատ լաւ է: Աշխատում ենք եւ սա մեզ համար օրակարգային հարց է: Կրկնում եմ (ԱՄՆի հետ) բարձր մակարդակով շփումների որեւէ պակաս մենք չունենք», եզրափակեց նախարար Մնացականեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement