ՀՅԴն Բանակցութիւններ Պիտի Ունենայ Արցախի Նախագահի Թեկնածուին Համար

By Asbarez | Friday, 06 September 2019

Արցախի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան

Արցախի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան

ԵՐԵՒԱՆ.- «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ շուրջ մէկ ամիս պիտի տեւեն Արցախի նախագահի միասնական թեկնածու ունենալու միտող եւ 10 Սեպտեմբերին սկսելիք Արցախի դաշնակցական կառոյցին պաշտօնական բանակցութիւնները՝ քաղաքական այլ ուժերու հետ։ Ըստ անոր՝ եթէ միասնական թեկնածուի հարցին գծով համաձայնութիւն չգոյանայ, Դաշնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի սեփական թեկնածուով, որ կրնայ դաշնակցական ըլլալ, կամ չըլլալ։

Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ խօսքը համախոհական թեկնածուի մասին չէ. »Միասնականն այլ է՝ համաձայնեցուած թեկնածու, որը կարող է մի փոքր ուժի ներկայացուցիչ լինել, բայց աւելի համապատասխանել ընտրուած չափանիշներին, քան մեծ ուժի ներկայացուցիչը, այդ պատճառով էլ կիրառում ենք »միասնական« բառը«, նշեց ան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ ընդունելի թեկնածուի չափանիշները յստակ են եւ հաստատուած Արցախի Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ՝ արդար, հայրենասէր մարդ, որ խոր յարգանք եւ հեղինակութիւն ունի ժողովուրդին մօտ: Դաշնակցութիւնը նաեւ առաջարկած է, թէ ի՛նչ թեմաներով բանակցութիւններ պիտի կատարեն այլ կուսակցութիւններու հետ. առաջին դիրքի վրայ է անվտանգութիւնը, ապա՝ ներքին արդարութիւնը եւ անզիջում պայքարը փտածութեան եւ կաշառակերութեան դէմ: «Որովհետեւ եթէ շատ բարձր մակարդակի չլինի ներքին արդարութիւնը, ինքնըստինքեան, դա խփելու է նաեւ ազգային անվտանգութեան գործի կազմակերպմանը», ըսաւ Ա. Սարգսեան:

Եթէ քննարկումները արդիւնք չտան, Դաշնակցութիւնը նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ իր կազմէն: Արմէն Սարգսեան ըսաւ, որ ունին առնուազն 4 թեկնածուներ, բայց անունները ներկայիս չի նշուիր, քանի որ, ըստ անոր, նախագահի պաշտօնը Դաշնակցութիւնը չի դիտեր իբրեւ նպատակ եւ ռազմավարութիւն, իրենց համար ատիկա մարտավարութիւն է՝ նախագահը ինք պէտք է մեծագոյն ծառայութիւնը մատուցէ ժողովուրդին:

«Նախագահը նրա համար չէ, որ մտնի ու արտօնութիւններից օգտուի, դրա համար էլ կապ չունի, թէ մեզանից ո՛վ է ընտրուելու նախագահ, միեւնոյն է՝ մենք թիմով (խումբով-Խմբ.) ենք աշխատելու», նշեց Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:

comments

Advertisement