ՀՅԴն Կաշխատի Մեծցնել ՏԻՄի Իրաւասութիւնները

By Asbarez | Saturday, 07 September 2019

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանի հետ «Ապառաժ»ի կատարած զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի կատարած աշխատանքներուն եւ կատարելիքներուն։

Անդրադառնալով Օգոստոսին ՀՅԴ Արցախի կառոյցին գործունէութեան՝ ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ ամառնային ամիսները քիչ մը կրաւորականութիւն գոյութիւն կ՛ունենայ, սակայն Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն շարունակած է աշխատանքը՝ փորձելով լուծել տարբեր խնդիրներ։

«Մասնաւորապէս խօսքը վերաբերում է Տեղական ինքնակառավարման մարմինների ընտրութիւններին: Դաշնակցութիւնը մշտապէս կարեւորել է ոչ միայն տեղական ինքնակառավարման մարմիների ընտրութիւնները, այլեւ այդ կառոյցի իրաւասութիւնների մեծացման հետ կապուած հարցերի լուծումը: Մենք քաջ գիտակցում ենք, որ մեր բնակչի հետ անմիջական կապ ունենում է տեղական ինքնակառավարման մարմնի ներկայացուցիչը եւ որպէս խմբակցութիւն ու կուսակցութիւն փորձում ենք հնարաւորինս օրէնսդրական տեսանկիւնից, գործնականօրէն ընդլայնել ՏԻՄ իրաւասութիւնները: Այսպէս, 2019ի Յունուարից սկսած ՏԻՄին տրուեց բնակարանների շինարարութեան, վերանորոգման աշխատանքների հետ կապուած հարցերը լուծելու իրաւասութիւնը», ըսաւ ան:

Բալայեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, կը պաշտպանէ թէ՛ կուսակցական, եւ թէ անկուսակցական թեկնածուներ։ «Ի դէպ, մեզ համար կարեւոր է, որ ՏԻՄ համակարգում աշխատողները լինեն բաւականաչափ գիտակ մարդիկ, որոնք ի վիճակի կը լինեն հարցերին լուծումներ տալ, եւ որոնց հետ մենք համագործակցաբար կարող ենք աշխատել: Դաշնակցութիւնն ամբողջ Արցախի տարածքում պաշտպանում է համայնքի ղեկավարի եւ աւագանու անդամների աւելի քան 80 թեկնածուների», նշեց ան:

Վահրամ Բալայեան խօսեցաւ նաեւ աւանդութեան վերածուած պատանեկան ճամբարներուն մասին, ուր պատանիները ո՛չ միայն արձակուրդ եւ հաճելի ժամանց կ՛անցընեն, այլ նաեւ կը ստանան գիտելիքներ՝ կապուած քաղաքական գործընթացներու, հասարակական զարգացումներու, այլ խօսքով՝ կը պատրաստուին իբրեւ ապագայի տիպար քաղաքացիներ։

Ըստ անոր՝ նախորդ ամիսներուն Դաշնակցութիւնը փորձեց կուսակցական կարելիութիւնները օգտագործել Արցախի Հանրապետութեան կապերու ընդլայնման համար: Այս ծիրին մէջ ան յիշեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի այցելութիւնը Աւստրալիա, ուր տարբեր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան, բարեկամական խումբը աշխուժացաւ՝ աւելցնելով, որ նման յարաբերութիւններ շատ կարեւոր են Արցախի համար։ Բալայեան նաեւ խօսեցաւ 26-29 Օգոստոսին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Մարթին Զոնեպըրնի գլխաւորած պատուիրակութեան Արցախ այցելութեան մասին: «Կարեւորում եմ այն հանգամանքը, որ փորձում ենք քաղաքական յարաբերութիւնները դնել գործնական հիմքի վրայ: Պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուած էին նաեւ զբօսաշրջութեան մասնագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, լրագրողներ: Մենք պէտք է փորձենք ամրապնդել հասարակական տարբեր կառոյցների միջեւ կապը, զարգացնել տնտեսական ոլորտը, մասնաւորապէս՝ զբօսաշրջութիւնը», շեշտեց ան:

Լրագրող Տաթեւիկ Աղաջանեան հարցուցած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցին յայտարարութեան մասին՝ Արցախի նախագահական միասնական թեկնածուի շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերող։ «Մենք որոշակի աշխատանքներ ենք կատարել՝ կապուած 2020թ. նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնների հետ: Մենք ձգտում ենք ունենալ համաձայնեցուած, համախորհուրդ ընտրուած թեկնածու, որը կը ներկայացնի հասարակութեան լայն շերտերին, միւս կողմից՝ նաեւ կը լուծի մեր պետութեան ու ժողովրդի համար արդիական խնդիրները: Այդ տեսանկիւնից՝ մենք հանդէս ենք եկել համապատասխան յայտարարութեամբ եւ Սեպտեմբերի 10ին բանակցութիւններ կը սկսուեն թէ՛ հաւանական թեկնածուների, թէ քաղաքական տարբեր ուժերի հետ», եզրափակեց Վահրամ Բալայեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement