Փաշինեան Ամուլսարի Շահագործումը Արգիլելու Իրաւական Հիմք Չի Տեսներ

By Asbarez | Tuesday, 10 September 2019

Ամուլսարի հանք

Ամուլսարի հանք

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ջերմուկ քաղաքի բնակիչներէն խնդրեց դադրեցնել Ամուլսարի հանք տանող ճամբաներու փակումը՝ դիտել տալով, որ զանոնք փակելու պատճառ չունին, որովհետեւ եթէ նոյնիսկ հիմա բացուին այդ ուղիները, շինարարական աշխատանքները պիտի չսկսին մինչեւ Ապրիլ 2020։ Ըստ անոր՝ կառավարութիւնը եթէ տեսնէ, որ այդ ճամբաները փակելու անհրաժեշտութիւն կայ, ինք իր լծակներով, օրէնքով այդ քայլին կը դիմէ։ Փաշինեան շեշտեց, որ առնուազն այս պահուն Ամուլսարի հանքի շահագործումը արգիլելու որեւէ իրաւական հիմնաւորում չկայ, բայց եւ այնպէս իրենք չեն կրնար նկատի չունենալ հանրութեան անհանգստութիւնները։

Վարչապետը ընդգծեց, որ բնապահպանութեան տեսչական մարմինին յանձնարարած է Ամուլսարի մէջ ստուգումներու սկսիլ՝ շրջակայ միջավայրի նախարարին բարձրացուցած որոշ հարցերը պարզելու համար:«Ես ուզում եմ այս պահից արձանագրել, թէ այդ ստուգումների արդիւնքում տեսականօրէն ինչ կարող է լինել. Տարբերակ առաջին՝ ոչ մի խախտում չկայ, ամէն ինչ նորմալ (բնական-Խմբ.) է, տարբերակ երկրորդ՝ կան խախտումներ եւ անճշդութիւններ եւ այդ խախտումներն ու անճշդութիւնները հնարաւոր է վերացնել առանց նախագծային փոփոխութիւնների. Սա նշանակում է, որ այս պարագայում առանց նախագծային փոփոխութիւնների այդ շփումները կ՛իրականացուեն եւ նոր Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատման (ՇՄԱԳ) անհրաժեշտութիւն չի ծագի: Տարբերակ երրորդ՝ այդ խախտումները եւ անճշդութիւնները հնարաւոր չէ վերացնել առանց նոր նախագծի, եւ եթէ խօսք է գնում նոր նախագծի վերաբերեալ, նշանակում է խօսք է գնում նաեւ նոր ՇՄԱԳի վերաբերեալ: Շրջակայ միջավայրի նախարարի գրած փաստաթղթում կան կէտեր, որոնց ստուգումը բնապահպանութեան տեսչական մարմնի իրաւասութիւնների մէջ չի մտնում: Այս հարցերի վերաբերեալ պատասխան պէտք է տայ նախաքննութիւնը՝ քննչական կոմիտէում ընթացող քրէական գործով», մանրամասնեց Փաշինեան:

Ըստ անոր՝ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը կարելիութիւն ունի ամէնօրեայ դրութեամբ հետեւելու Ամուլսարի հանքին մէջ տեղի ունեցող աշխատանքներուն եւ գնահատէ ազդեցութիւնը շրջակայ միջավայրին վրայ, հակառակ պարագային իրաւասու ըլլալով շահագործումը կասեցնելու։ Ըստ անոր՝ ճամբաներուն փակ ըլլալը Հայաստանի միջազգային տնտեսական պատկերին եւ վարկանիշին համար լրջագոյն խնդիրներ կը ստեղծեն։

Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ նոր ՇՄԱԳ կատարելու անհրաժեշտութեան մասին՝ նշելով, որ ատիկա այն փաստաթուղթն է, որով հանքարդիւնաբերողը ինքը կը բարձրացնէ իր պարտաւորութիւնները հանրութեան առաջ: Վարչապետը շեշտեց, որ »Լիտիան« ընկերութիւնը իրեն հետ ունեցած հանդիպումին բարձրագոյն մակարդակով երաշխաւորած է, որ շրջակայ միջավայրին վրայ որեւէ ազդեցութիւն պիտի չըլլայ, շահագործումը պիտի ըլլայ 100 տոկոս անվտանգ։ «Դա նշանակում է, որ ոչ մի լիտր աղտոտուած ջուր չի արտահոսի արտաքին միջավայր, օդի որակը չի փոխուի, ստորերկրեայ ջրերը չեն աղտոտուի, մակերեսային ջրերը չեն աղտոտուի, հողի եւ շրջակայ միջավայրի կենսբազմազանութեան հետ կապուած խնդիրներ չեն առաջանայ», եզրափակեց Փաշինեան։

Յայտնենք, որ Ամուլսարի գործով քննչական խումբի ղեկավար նշանակուած է Քննչական կոմիտէի պետի տեղակալ Արսէն Այվազեան։

Միւս կողմէ, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց յայտարարեց, որ խմբակցութիւնը վարչապետ Փաշինեանի հետ Ամուլսարի հարցով քննարկում ունեցած է այն նոյն շեշտադրումներով, ինչ որ վարչապետը ներկայացուց իր ուղիղ եթերին ընթացքին՝ հաստատելով, որ իրենք կը կիսեն այդ դիրքորոշումը:

«Օրէնսդիրի տիրոյթում չէ հարցին որոշում տալը, սակայն որպէս քաղաքական թիմ, ունենք մեր դիրքորոշումը: Վարչապետը նշեց որպէս իրաւական պետութիւն գործելու անհրաժեշտութիւնն ու բացառապէս այդ տիրոյթում գործելը՝ միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ չեն կարող հաշուի չառնուել նաեւ բնակիչների մտահոգութիւնը, բնապահպանական խնդիրները եւ այլն: Եւ այս փուլում խնդիր է դրւում, որ տեսչական մարմինն անմիջապէս գործողութիւններ սկսի այնտեղ եւ վեր հանի խնդիրներ, եթh դրանք գոյութիւն ունեն: Այս փուլում ոչ թէ հանքի շահագործման մասին է խօսքը, այլ այն շինարարական աշխատանքների, որոնք անհրաժեշտ են առաջին փուլում: Եւ ընդ որում ընդգծուեց, որ եթէ անգամ շինարարական աշխատանքների պարագայում նկատուի որեւէ խախտում, շեղում նշուած չափանիշներից, ապա տեսչական մարմինը կ՛իրականացնի բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները: Եւ այս դիրքորոշման հետ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը համաձայն է եւ կիսում է», յայտնեց Մակունց:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ խմբակցութեան մէջ կան պատգամաւորներ, որոնք դէմ են հանքի շահագործման՝ Մակունց ըսաւ, որ վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին խմբակցութիւնը կատարեց քննարկում, եւ ոչ ոք ըսաւ, թէ այլ ուղղութեամբ պէտք է ընթանալ։

Միեւնոյն ժամանակ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց, որ վարչապետին կողմէ տրուած որոշումը չի հակասեր ժողովուրդին շահերուն, պետութեան, պետական շահին, բնակչութեան, բնապահպանութեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement