Ամուլսարի Հարցով Պետութեան Դիրքորոշման Բացակայութիւն Կայ. Սուրէն Պարսեան

By Asbarez | Tuesday, 10 September 2019

ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Սուրէն Պարսեան

ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Սուրէն Պարսեան

ԵՐԵՒԱՆ.- Ամուլսարը անկախութեան շրջանի մեծագոյն ներդրումային նախագիծն է, որ կը գնահատուի շուրջ 400 միլիոն տոլարով, սակայն այս 400 միլիոնին մէջ կը նեռարուի նաեւ աշխատավարձի ծախսերը, ինչ որ դասական տնտեսագիտական առումով այդքան ալ ճիշդ չէ։ Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Սուրէն Պարսեան՝ աւելցնելով, որ ընթացիկ ծախսերը պէտք է առանձնացնել, պէտք է հասկնալ, թէ այդ 400 միլիոն տոլարէն որքանը ի՛նչի վրայ ծախսուած է:

«Այս ծրագիրը հաստատուել է 2014-15ին, եւ 2016ին սկսուեց գործընթացը, որը պէտք է աւարտուէր 2018 Սեպտեմբերին, եւ ծրագիրը պէտք է գործեր: Այն նախատեսուած է 10 տարի 4 ամիս շահագործման համար, եւ, ըստ ներդրումային ծրագրի՝ Հայաստանից տարեկան պէտք է արտահանուեր 260 միլիոն տոլարի ոսկի: Այդքանով կ՛աւելանար մեր արտահանումը՝ մօտ 20 տոկոսով», նշեց տնտեսագէտը:

Ըստ անոր՝ Ամուլսարի բնապահպանական գնահատականի առումով բաւական բարդ իրավիճակի մէջ ենք, քանի որ եղած փաստաթուղթերը, որոնք ներկայացուած են հասարակութեան, մեծ վստահութիւն չեն ներշնչեր: Պատճառն այն է, որ ծրագիրի իրականացման կոչուած լիազօր մարմինները շատ վատ կերպով ներկայացուցին զայն: Նաեւ կը բացակայի բնապահպանութեան նախարարին կարծիքը, մօտեցումը: Վարչապետն ալ ամբողջ կացութիւնը ձեռքը առաւ եւ աւելի խորացուց իրավիճակը, երբ իշխանութեան առանձին թեւերէն ծրագիրի կամ եզրակացութեան վերաբերեալ բացասական մօտեցումներ հնչեցին:

«Ջերմուկը մեր ազգային հարստութիւնն է: Այն մեզ եկամուտ է բերելու ո՛չ թէ տասը տարի, այլ հազարամեակներ: Մենք պէտք է պահենք Ջերմուկը: Սակայն նաեւ չպէտք է հակադրել հանքարդիւնաբերութեանը: Մեր տնտեսութիւնն այս պահին այլընտրանք չունի հանքարդիւնաբերութեանը՝ մի կողմ դնելով Ամուլսարի խնդիրը: Չենք կարող հրաժարուել հանքարդիւնաբերութիւնից, քանի որ այլ տնտեսական ճիւղ չկայ, որով կարելի է փոխարինել: Մեր արտահանման շուրջ 25 տոկոսն ապահովում է հանքարդիւնաբերութիւնը: Գլխաւորն այն է, որ պէտք է հանքարդիւնաբերութիւնը դարձնել կառավարելի, վերահսկելի, այն պէտք է լինի ազգային հարստութիւն: Պետութիւնը օգտագործման իրաւունքով տալիս է մասնաւորին, սակայն փաստացի նուիրում է այն, եւ վերջինս էլ տալիս է չնչին տոկոս», նշեց Ս. Պարսեան:

Տնտեսագէտը նաեւ նշեց, որ Ամուլսարի հարցին մէջ ամէնէն հիմնական խնդիրը պետութեան դիրքորոշման բացակայութիւնն է, եւ պէտք չէ փորձել խորամանկութիւն ընել, տարբեր բառակոյտերու տակ թաքցնել իրական մօտեցումները:

Սուրէն Պարսեան աւելցուց, որ իրականութիւնը ժողովուրդին սխալ ներկայացնելը կապ ունի կառավարման հետ։ «Ղեկավարին փորձում են փոխանցել միայն լաւ, դրական տուեալները՝ առանձին դէպքերում չափազանցելով», նշեց ան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement