Գիւմրին Թնդաց Հայաստանի Անկախութեան Տօնակատարութիւններով

By Asbarez | Tuesday, 24 September 2019

0924Sep21-1 0924Sep21-4 0924Sep21-3 0924Sep21-2 0924Sep21 0924Heros3 0924Heros2

Եւ «Մեր Ժամանակի Հերոսը» Մրցանակաբաշխութեամբ

ԵՐԵՒԱՆ.- 21 Սեպտեմբերին Գիւմրիի մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումը՝ պաշտօնական հիւրերու եւ մեծաթիւ հայորդիներու մասնակցութեամբ։ Ամբողջ օրուան ընթացքին կազմակերպուեցան տօնական զանազան տեսակի նախաձեռնութիւններ, ցուցահանդէսներ, հանրային քննարկումներ, համերգներ եւ փառատօն, հրավառութիւն, իսկ »Մեր ժամանակի հերոսը« մրցանակաբաշխութեամբ ու արտասանուած պաշտօնական խօսքերով եզրափակուեցան տօնակատարութիւնները։

Գիւմրիի «Սեւ Բերդ» կոչուող ամրոցին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներ Արմէն Սարգսեան, Բակօ Սահակեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ ու հիւրեր մասնակցեցան »Մեր ժամանակի հերոսը« մրցանակաբաշխութեան։ Գլխաւոր մրցանակը ստացաւ բուժիչ թէյերու արտադրութեամբ զբաղող Ռիտա Մարտիրոսեան։

Այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան հոյակապ գաղափար նկատեց Գիւմրիի մէջ համախմբուիլն ու մերօրեայ հերոսները պատուելը՝ յիշելով իր կեանքէն դրուագ մը, երբ դպրոցական տարիներուն ինք գրած է իր ժամանակի հերոսներու մասին, որոնք իր ծնողներն ու անոնց հազարաւոր ընկերները ու տասնեակ հազարաւոր ուրիշ հայեր են, որոնք 1946-1948ի պատերազմէն ետք վերադարձան աւերուած եւ աղէտալի վիճակի մէջ գտնուող Հայաստան, առանց վախնալու, հայրենադարձ եղած սերունդն է, որ Գիւմրի հաստատուեցաւ եւ ձեռնամուխ եղաւ տարբեր բնագաւառներու զարգացման։ «Այդ հերոսը Գիւմրին է եւ գիւմրեցին, որ համբերատար 30 տարի սպասել է այս օրուան: Կորցնելով իր քաղաքի, իր բնակչութեան կէսը, հասկանալով, որ մեր ժողովուրդը պայքարի է դուրս եկել, եւ իր ժամանակը չէ, արժանապատուութեամբ կրել է իր դժուարութիւնը: Ժամանակը եկել է, եւ ես կարծում եմ, պարոն վարչապետ, այսօր առաջին օրն է Գիւմրու եւ գիւմրեցու ապագայի, նոր, ազատ եւ ստեղծագործ կեանքի», ըսաւ նախագահը՝ շեշտելով, որ հայրենիքը միայն Երեւանը չէ, այլ Գիւմրին, Գորիսը, Վանաձորէն մինչեւ Իջեւան, Արցախ, ամէն տեղ է:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ դժուար եղած է 42 թեկնածուներէն ընտրութիւն կատարել, բայց եւ այնպէս ընտրուած մրցանակակիր ալ, խորքին մէջ, մերօրեայ հերոսներու հաւաքական կերպարն է, որ քաղաքէն տեղափոխուած է գիւղ եւ հոն աշխատանք ծաւալած՝ նշելով, թէ ասիկա յարգանքի եւ մեծարանքի տուրք է հանդէպ մեր ժողովուրդին տաղանդին, ստեղծարար հզօրութեան, սեփական ոյժերուն հաւատալու կարողութեան։

«Նոր Հայաստանի առանձնայատկութիւնը սա է, որ մենք խնդիր ունենք անընդհատ կերտելու նոր հերոսների։ Աներկբայ է, որ առաջին եւ ամենամեծ հերոսները մեր այն զինուորներն են, որոնք կանգնած են սահմանին, մեր սպաները, մեր զինուած ոյժերը, գեներալները (զօրավարները-Խմբ.)։ Երէկ Հայաստանի նախագահի նստավայրում Հանրապետութեան նախագահը կոչումներ ու մետալներ շնորհեց բազմաթիւ զինուորականների։ Հերոսներ են մեր ժողովրդի արուեստն ու մշակոյթը ստեղծած մարդիկ, մեր գիտնականները, բազմաթիւ պետական գործիչներ, բայց հերոսական համայնապատկերի եւս մէկ կարեւոր շտրիխ էր պէտք աւելացնել, դա աշխատող եւ արարող մարդու կերպարն է։ Դրանք այն մարդիկն են, որոնք ունեն համարձակութիւն իրենց ձեռքը վերցնել իրենց եւ իրենց հայրենիքի ճակատագրի ղեկը։ Մեր խնդիրն է, որ Հայաստանը լինի բարեկեցիկ երկիր, եւ Հայաստանը լինելու է բարեկեցիկ երկիր, որտեղ մարդիկ իրենք իրենց ձեռքերով ստեղծում են իրենց հայրենիքի բարեկեցիկ ներկան», ընդգծեց Փաշինեան։

Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը 21 Սեպտեմբերին այս առիթով այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր ծաղիկներ զետեղեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող հուշահամալիրին առջեւ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement