Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Հանդիպի 143 Զոհուած Մարտիկներու Ընտանիքներուն

By Asbarez | Tuesday, 27 December 2011

ԱՐԱԳԱԾՈՏՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեանի եւ Աշտարակի ու Թալինի քաղաքապետերուն հետ միասնաբար, Դեկտեմբեր 25ին հանդիպած է Արագածոտնի մարզի 143 զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու անդամներուն, որոնց հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ դժուար է Ամանորը տօնել առանց մարտական ընկերներուն։

«Չենք կրնար մեր գործունէութեան համար հաշուետու չըլլալ մեր մարտական ընկերներուն եւ անոնց հարազատներուն առջեւ, որովհետեւ ազատամարտիկներուն շնորհիւ է, որ այսօր ունինք անկախ պետութիւն եւ կանոնաւոր բանակ: Խորհրդանշական է, որ այս ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ դպրոցի մէջ, քանզի անիկա իւրօրինակ հայրենասիրութեան դաս է՝ մատաղ սերունդին համար: Հարկ կը համարեմ նշել, թէ հայկական բանակին համար ամենակարեւոր գործօնը, որ կրնայ յաղթանակ բերել, կը մնայ մարդը, զինուորակա՛նը՝ իր համապատասխան գիտելիքներով: Մարդը հայ ժողովուրդին համար միշտ կարեւորագոյն գործօն եղած է: Հայ մարդու երակներով հոսող արիւնը հազարապատիկ անգամ աւելի սուղ է, քան որեւէ խողովակով հոսող քարիւղային պաշարները», ըսած է Սէյրան Օհանեան:

Արագածոտնի մարզի ութ ազատամարտիկներ, պաշտպանութեան նախարարին կողմէ պարգեւատրուած են գերատեսչական մետալներով, իսկ Արագածոտնի մարզպետը զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն յատկացուցած է դրամական օժանդակութիւն:

Արագածոտն կատարած այցին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը այցելած է նաեւ Աշտարակի վեթերաններու միութիւնը, ծանօթացած է միութեան սրահին մէջ ցուցադրուող գրաւոր մասունքներուն եւ արձանագրութիւն կատարած յուշատետրին մէջ:

comments