ՀՅԴ Աշխատանքային Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Գրասենեակ Արթիկի Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 09 October 2019

1009work

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան հիմնադրամ»ի աջակցութեամբ ստեղծուած Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակը այսուհետեւ հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ Շիրակի մարզին մէջ:

Արդարեւ, 1 Նոյեմբերէն Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակը պիտի սկսի գործել ՀՅԴ Արթիկի «Թաթուլ Կրպէյեան» կոմիտէին մէջ: Արթիկի մասնաճիւղը առաջին ներկայացուցչական գրասենեակն է մայրաքաղաքէն դուրս:

Քաղաքացիները իրենց աշխատանքային իրաւունքները պաշտպանելու, նպաստի, թոշակի եւ այլ ընկերային հարցերու վերաբերող անվճար խորհրդատուութիւն ստանալու համար կրնան դիմել գրասենեակ։

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան հիմնադրամ»ի աջակցութեամբ ստեղծուած Աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակը կը զբաղի մարդոց աշխատանքային եւ ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ՝ տրամադրելով անվճար իրաւաբանական եւ փաստաբանական ծառայութիւններ:

comments