Երեւանի Մէջ Պուրակ Տիանա Աբգարի Անունով

By Asbarez | Wednesday, 09 October 2019

1009ABKAR

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ պիտի բացուի պուրակ մը աշխարհի առաջին կին հիւպատոսին, Ճափոնի մօտ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիւպատոս, հայ ականաւոր հասարակական գործիչ եւ գրող Տիանա Աբգարի անունով: 8 Հոկտեմբերին համապատասխան որոշումը տրուեցաւ Երեւանի աւագանիի նիստին:

Գլխաւոր պողոտան՝ Սարեան, Բիւզանդ, Կարէն Դէմիրճեան փողոցներու եւ Մաշտոցի պողոտայի միջանկեալ հատուածն է, որ պիտի կոչուի Տիանա Աբգարի անունով։

comments