Մերզլիաքով Կը Յուսայ ԼՂ Հարցով Յառաջդիմութիւն

By Asbarez | Thursday, 02 July 2009

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Մինսկի խումբի համանախագահները յառաջիկայ շաբաթ օր Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի այցելեն, հանդիպում ունենալու համար նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Ան ըսած է. «Մենք շրջան պիտի գանք պատրաստելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Յուլիսի կիսուն Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումը»։

Մերզլիաքով յայտնած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ամէն ջանք կը թափեն, որ այս հանդիպումը շինիչ մթնոլորտի մէջ տեղի ունենայ։

Կը յուսանք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութեանց մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրել», ըսած է ան։

comments

Advertisement