Պարզապէս Մարդկային Չէ Մտնել Ընտանիքի Դաշտ. Լիլիթ Գալստեան

By Asbarez | Saturday, 19 October 2019

 

1019lilitԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».-Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքին դիմաց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան լրագրողներուն հետ խօսած  է Սահմանադրական դատարանին ու յատկապէս դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ անոր ընտանիքին դէմ առնուած քայլերուն մասին։

«Սա պարզապէս քաղաքական ճնշում է, այլեւս վերածուել է մարդկային ճնշումի: Ուղղակի աներեւակայելի է, թէ ի՛նչ կարմիր գծեր են հատւում: Հրայր Թովմասեանից Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնը կորզելու ճանապարհին որեւէ կարմիր գիծ հատելու բարոյական զսպանակները չունեն: Պարզապէս մարդկային չէ մտնել ընտանիքի դաշտ, մարդկային, բարոյական որեւէ գնահատականի չի դիմանում: Չի կարելի ընտանիքի անդամներին ճնշումների ճանապարհով պատանդ դարձնել՝ ճնշելու հօրը՝ Սահմանադրական դատարանը ներկայացնող նախագահին: Պարզապէս անընդունելի է: Մենք մտնում ենք մի քաղաքական մշակոյթի մէջ, որը խստօրէն վտանգում է Հայաստանի ապագան եւ ժողովրդավարական պետութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի։ Սա կապ չունի սիրոյ, թաւիշի, հանդուրժողականութեան լոզունգների հետ», ըսաւ Լ. Գալստեան:

Անոր համաձայն՝ իշխանութիւնը, սեփական վարկանիշի, բարոյականութեան մասին մտածելով, պէտք է զերծ մնայ այդ քայլերէն: Գալստեան դիտել տուաւ, որ դատարաններուն նկատմամբ ճնշումները բնական դարձած են, վճիռներ կորզելու գործիքներ են:

Լրագրողներուն հետ զրուցեց նաեւ Հրայր Թովմասեանի հօր՝ Վարդան Թովմասեանի փաստաբան Ամրամ Մակինեան, որ ըսաւ, թէ անկէ բացատրութիւն առնելու ընթացքը բնական էր, սակայն այն հարցերը, որոնք տրուած էին, առնուազն այս պահուն, տարակուսելի են: Ըստ անոր՝ Վ. Թովմասեանը չէին կանչած հարցաքննութեան, այլ քրէական գործի հարուցման նախնապատրաստական փուլ էր: «Պարոն Թովմասեանին հարցեր են ուղղել, թէ իր բնակարանի տանիքը երբ է վերանորոգուել: Այդ հարցերը երէկ էլ էին տուել, այսօր գրաւոր պարզաբանումներ տրուեցին», ըսաւ պաշտպանը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement