Շարլ Ազնաւուրի Որդին Ընտանեօք Տեղափոխուած Է Հայաստան

By Asbarez | Saturday, 19 October 2019

1019nicolas-aznavour

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուր, ընտանիքով տեղափոխուած է Հայաստան: Նիքոլան եւ կինը այս մասին տեղեկացուցին Գիւմրիի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ հաստատելով, որ անոնք արդէն Հայաստանի մէջ կ՛ապրին։

Նիքոլա Ազնաւուրի կինը՝ Քրիստինա Սարգիսեան ըսաւ, որ Գիւմրին իրենց համար կարեւոր նշանակութիւն ունի, եւ իրենք ուրախութեամբ կ՛այցելեն Գիւմրի։

comments