Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Ֆրանսիայի Հետ Կապերի Խորացմամբ. Փաշինեան

By Asbarez | Wednesday, 23 October 2019

1023Pashinain-France

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 22 Հոկտեմբերին ընդունած է Ֆրանսայի Օվերն Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Լորան Վոքիէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետ Փաշինեան նշեց. «Մեր ժողովուրդների միջեւ կան խորը պատմական կապեր, ջերմ բարեկամութիւն եւ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ: Այդ գործում մեծ է Ֆրանսիայի հայ համայնքի դերը, որի մի ստուար մասն այսօր հաստատուած է Օվերն-Ռոն-Ալպ շրջանում: Հայաստանը հետաքրքրուած է Ֆրանսիայի հետ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, մարդկային կապերի առաւել խորացմամբ: Օվերն-Ռոն-Ալպ շրջանը Ֆրանսիայի տնտեսութեան առաջատարներից է, եւ ես համոզուած եմ, որ մենք համագործակցութեան համար փոխադարձ հետաքրքրութեան ոլորտներ կը գտնենք»: Փաշինեան արդիւնաւէտ եւ կայացած նկատեց հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացեալ համագործակցութիւնը՝ նշելով, որ հայ եւ ֆրանսական շուրջ 30 քաղաքներու միջեւ առկայ են գործակցութեան վերաբերեալ ստորագրուած յուշագիրներ, որոնցմէ 1 տասնեակէն աւելին  Օվերն Ռոն-Ալփ շրջանին հետ են, կը կայանան հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան համաժողովներ, որոնց յաջորդ նիստը նախատեսուած է գումարել 2020ի աշնան, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ ցարդ իրականացած բազմաթիւ ծրագիրներու, որոնք մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն այս յարաբերութիւններու զարգացման առումով։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

 

Լորան Վոքիէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 22 Հոկտեմբերին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Ֆրանսայի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Ճոնըթըն Լաքոթը, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Վաչէ Տէրտէրեան եւ այլ գերատեսչութիւններու, Ֆրանսայի մէջ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ:

Պատուիրակութիւնը ընդունեց ու Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, անոր խորհուրդը ներկայացուց Ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան: Ֆրանսական պատուիրակութիւնը երկու ծաղկեպսակ տեղադրեց՝ մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, միւսը՝ Պաքուի ողբերգական դէպքերու անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:

Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին նաեւ անմար կրակին մօտ ու մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Պատուիրակութեան անդամներէն մէկը կատարեց «Տլէ Եաման» յայտնի երգը՝ տուտուկի կենդանի նուագակցութեամբ:

Բազմամարդ պատուիրակութիւնը շրջագայեցաւ նաեւ Յիշողութեան պուրակին մէջ, ուր Լորան Վոքիէն տնկեց արծաթափայլ եղեւնի:

Անդամները այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ ծանօթացան թանգարանային ցուցադրութեան, մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան մասին:

Այցելութեան աւարտին Լ. Վոքիէն հետեւեալ գրառումը կատարեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ. «Օսմանեան սարսափելի բռնութեան ենթարկուած եւ իր օճախին մէջ սպաննուած հայ ժողովուրդի տառապանքի յիշատակին: Թող այս զոհերը մեր աչքերը բաց պահեն, եւ թող արցունքները չմարեն ծիծաղները: Հայաստանը մեզ կը պարտադրէ, որ մենք կարենանք պաշտպանել զինք»։

Օվերն Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահը իր բանաւոր խօսքին մէջ խիստ կարեւոր նկատեց ե՛ւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի, ե՛ւ թանգարանի դերն ու առաքելութիւնը նմանօրինակ ոճիրներու կանխարգելման մէջ: «Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան՝ չկորսնցնել սթափութիւնը, թոյլ չտալ, որ պատմութիւնը կրկնուի», նշեց ան՝ հաստատելով, որ այս այցելութիւնը իրեն համար շատ կարեւոր էր ու շատ յուզիչ: Ձեռք բերուեցան նաեւ ՀՑԹի ու ֆրանսական կողմին միջեւ համագործակցութեան նախնական պայմանաւորուածութիւններ:

Յարութիւն Մարութեան Օվերն Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահին յանձնեց շարք մը գիրքեր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հրատարակութիւններ եւ այլոց կողմէ հեղինակած հատորներ: Ան նուիրեց օսմանեան կայսրութեան զինուորական Սարգիս Թորոսեանի «Դարդանելից Մինչեւ Պաղեստին» յուշագրութիւնը, որ եզակի գրաւոր յուշարձան է եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան կենդանի վկայութիւն: Նախագահին տրուեցան նաեւ ֆրանսահայ յայտնի գեղանկարիչ Ժանսեմի «Եղեռն» ալպոմը, Հայկ Դեմոյեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերին» գիրքը, ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածներու հատորներ եւ տարբեր դարաշրջաններուն Հայաստանի մասին քարտէսագրական փաստաթուղթերու պատկերագիրքեր:

Օվերն Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահը Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին յանձնեց իր ղեկավարած շրջանին բարձրաստիճան պաշտօնեաններուն տրուող յուշամետալ:

Պատուիրակութեան մաս կազմող Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF-Centre) կեդրոնական շրջանի նախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան Յ. Մարութեանին յանձնեց 24 Ապրիլ 2019ին Լիոնի կեդրոնը՝ Անթոնեն Փոնս հրապարակին վրայ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն նուիրուած յուշարձանի պատկերով յուշանուէր:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement