Ալիեւ Մտահոգ Է Սփիւռքահայութեան Ազդեցութեամբ

By Asbarez | Tuesday, 27 December 2011

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր տարեդարձին օրը՝ Դեկտեմբեր 24ին, որսի գացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանակից Աղջաբեդի շրջանը:

Ան հանդիպած է շրջանի Թախթաքօրլու գիւղը բնակող գաղթականներու հետ եւ խոստացած է անոնց, որ մօտիկ ապագային, 552 ընտանիքներու համար բնակելի աւան մը պիտի կառուցուի:

Գիւղացիներուն հետ զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով ղարաբաղեան հարցի անլոյծ մնալուն մասին հարցումի մը՝ Ալիեւ մեղադրած է սփիւռքահայերը: «Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճան հզօր երկիր է, սփիւռքահայերուն ազդեցութիւնը մեծ է Արցախի հարցով շահագրգիռ տէրութիւններուն վրայ: Մեր դէմ կը կռուի աշխարհի հայութիւնը: Այդ է պատճառը, որ արդէն 20 տարի է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գործունէութիւնը արդիւնք չի տար: Մենք բոլոր ճակատներով կը շարունակենք պայքարիլ Հայաստանի դէմ: Եթէ այդ պայքարը արդիւնք չտայ, այն ատեն իր խօսքը պիտի ըսէ Ատրպէյճանի բանակը», ըսած է ան:

comments