By Asbarez | Sunday, 29 November 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, անդրադառնալով տարածաշրջանի անվտանգութեան խնդիրներուն, ՀՅԴ պատգամաւոր՝ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան Նոյեմբեր 25ին յայտարարած է, թէ իրենք մտավախութիւններ ունին, նախ, որ ՆԱԹՕի անդամ որոշ երկիրներ, մասնաւորապէս՝ Թուրքիան եւ Ռումանիան կ՛օժանդակեն Ատրպէյճանի սպառազինման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, իսկ միւս կողմէ՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գծով Ռուսիա կը խորացնէ Ատրպէյճանի հետ ռազմական համագործակցութիւնը: Նշենք, որ անոր ելոյթը կը յաջորդէր Նոյեմբեր 23ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի արտայայտութեան, որ կը վերաբերէր Ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան։
<<Ռուսաստանի եւ մեր ռազմական միւս դաշնակիցների հետ կապուած էլ մենք խնդիրներ ունենք, այնպէս չէ, որ ամէն ինչ հարթ է ընթանում: Կան փաստեր, որ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական համագործակցութիւնը բաւականին սերտացման ճանապարհով է գնում, որը հակասում է ՀԱՊԿի պայմանագրի ոգուն եւ տառին: Մասնաւորապէս, Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերդիւկովը եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Ապիեւը ստորագրեցին 2010 թուականի ռազմական համագործակցութեան պայմանագիր, որով բաւականին լուրջ ծրագրեր պէտք է համատեղ իրականացնեն>>, ըսած է դաշնակցական պատգամաւորը՝ ընդգծելով. <<Ի հարկէ, մեր մօտ հարց է առաջանում, թէ այդ դէպքում ի՞նչ տարբերութիւն մեր եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ մենք ՀԱՊԿի անդամ ենք, Ատրպէյճանը ՀԱՊԿի անդամ չէ, եւ արդեօ՞ք արժէ ռազմական համագործակցութիւնը այդքան խորացնել մի երկրի հետ, որի ներկայացուցիչները պարբերաբար ռազմատենչ յայտարարութիւններով են հանդէս գալիս։ Եթէ մենք ՆԱԹՕի հետ որպէս վստահելի դաշնակից ենք համագործակցում, ուրեմն այդ կառոյցը պէտք է թոյլ չտայ, որպէսզի սպառազինութիւնների մրցավազքում գերապատուութիւնը տրուի Ատրպէյճանին: Որովհետեւ թէ՛ ՆԱԹՕն, թէ՛ ՀԱՊԿ անդամ երկրները շահագրգռուած չեն, որ պատերազմական նոր օճախ առաջանայ տարածաշրջանում>>:
Հ. Կարապետեանի համար անհասկանալի է նաեւ, թէ Ռուսիոյ իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կը խորացնեն ռազմական համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ:
<<Թուրքիայի հետ որոշակի ասպեկտների (տեսանկիւններու-Խմբ.) համագործակցութեան խորացումը նաեւ նշանակում է մի երկրի հետ խորացնել յարաբերութիւններ, որը այսօր դեռեւս սպառնում է Հայաստանի անվտանգութեանը>>, շեշտած է Հրայր Կարապետեան, եւ աւելցուցած. <<այժմ Հայաստանի շահը պահանջում է, որ մենք լինենք ՀԱՊԿ ամենաակտիւ անդամը եւ խորացնենք համագործակցութիւնը քաղաքական, ռազմատնտեսական դաշնակից երկրների հետ: Բայց այդ յարաբերութիւնները չպէտք է ձեւական լինեն>>:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահին ռազմատենչ յայտարարութիւններուն՝ Հ. Կարապետեան յայտնած է, որ անոնք կը հակասեն Մայնտորֆեան հռչակագրին, թէեւ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ միջազգային հանրութեան կողմէ համարժէք որեւէ պատասխան չեն ստացած: Ալիեւի բոցաշունչ ելոյթները անպատասխան ձգելը, ըստ Հ. Կարապետեանի, փաստ է, որ անոր յայտարարութիւններուն լուրջ չեն վերաբերիր:
Հ. Կարապետեան վստահ է, որ եթէ Ատրպէյճան համոզուած ըլլայ իր յաղթանակով, ան անյապաղ կը սկսի պատերազմիլ: <<Նրանք շատ լաւ գիտեն, որ եթէ պատերազմը վերսկսեն, նախորդ անգամ 6-7 շրջան կորցրին, այս անգամ ամբողջ երկրի ինքնիշխանութիւնը կը կորցնեն>>, ընդգծած է Հրայր Կարապետեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ