Փաշինեան Մասնակցեցաւ «Բարձրավոլթ Ելեկտրացանցեր»ու «Յաղթանակ» Ենթակայանի Բացման

By Asbarez | Friday, 25 October 2019

1025Yentagayan

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան «Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր» ընկերութեան կողմէ վերակառուցուած «Յաղթանակ» ենթակայանի բացման արարողութեան:

Աշխատանքները ընթացած են Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան նիւթական յատկացումով իրականացող «Ելեկտրամատակարարման յուսալիութեան ծրագրի լրացուցիչ ֆինանսաւորում» ծրագիրի ծիրին մէջ:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեան մատնանշեց երկկողմանի յանցագործութեան ծրագիրներու ծաւալով մեծագոյն նուիրատու Համաշխարհային դրամատան աջակցութեամբ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ իրականացուած մեծածաւալ ծրագիրներու դերն ու նպաստը Հայաստանի ելեկտրականութեան ոլորտի յուսալիութեան բարձրացման գործին մէջ:

Նախարարին համաձայն՝ այս կայանը մեծ կարեւորութիւն ունի Երեւանի հարաւ-արեւմտեան հատուածի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի շարք մը բնակավայրերու յուսալի ելեկտրամատակարարման ապահովման առումով։ Ան արձանագրեց, որ վերակառուցման աշխատանքներուն ընթացքին կառուցուած նոր՝ 110 քիլովաթ բաց բաշխիչ սարքաւորումներու, տեղադրուած SCADA համակարգին շնորհիւ պիտի բարձրանայ ելեկտրահաղորդակցման ցանցի հզօրութիւնը, ինչպէս նաեւ Երեւանի կեդրոնի եւ հարաւային շրջաններու սպառողներու ելեկտրամատակարարման կայունութիւնը: Պապիկեան նաեւ նկատել տուաւ, որ սարքաւորումներու խափանման պատճառով վթարային անջատումներու քանակը պիտի նուազի, պիտի կրճատուին նաեւ շահագործման ծախսերը:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի տեղակալ Յակոբ Վարդանեան լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց՝ անիկա արտադրող կայան չէ, ենթակայան է:

«Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր» ընկերութիւնը՝ իբրեւ հաղորդող ծառայութիւն մատուցող ընկերութիւն, ունի նմանատիպ եւս 15 ենթակայան, որ հիմնուած է 1988ին՝ 31 տարի առաջ, ուստի ամբողջութեամբ քայքայուած է։ «Երեւանում սպառումն օրէցօր աւելանում է, այդ իսկ պատճառով նոր հզօրութիւնների կարիք կար, սակայն սակագնի հետ այն կոնկրետ առնչութիւն չի կարող ունենալ, քանի որ արտադրող կայան չէ», բացատրեց ան։

1988ին հիմնուած «Յաղթանակ» ենթակայանի վերանորոգման աշխատանքները սկսած են 2016ի Յուլիսէն, անոնք յաջողութեամբ իրականացնելու համար ներդրուած է շուրջ 14 միլիոն տոլար: Այժմ ժամանակակից արհեստագիտական սարքաւորումներով յագեցած ենթակայանին մէջ կ՛աշխատի 15 հոգի:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement