Զօհրապ Մնացականեան Ընդունեց Օվերն-Ռոն Ալփի Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը  

By Asbarez | Friday, 25 October 2019

1025Zohrab

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 23 Հոկտեմբերին ընդունեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Օվերն-Ռոն Ալփի շրջանային խորհուրդի նախագահ Լորան Վոքիէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով Լորան Վոքիէին Հայաստան կատարած առաջին այցելութիւնը՝ նախարար Մնացականեան վստահութեամբ նշեց, որ բարձր ներկայացուցչական կազմով յատկանշուող այս այցելութիւնը իր նպաստը պիտի բերէ հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութեան եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ կապերու առաւել ամրապնդման։

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին հայ-ֆրանսական բազմաշերտ օրակարգին առնչուող հարցերու վերաբերեալ՝ ընդգծելով փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ ջանքերու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը: Երկուստեք ընդգծուեցաւ գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու խթանման, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան ամրապնդման վերաբերող միացեալ ծրագիրներու մշակման եւ կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան եւ վերջինիս ընձեռած հնարաւորութիւններուն: Այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատուեցաւ Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ ապակեդրոն համագործակցութեան խթանումը: Արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց այս գծով Ֆրանսայի ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու շարունակական ջանքերը, որոնց առանցքը կը հանդիսանայ մարդու իրաւունքներու յարգումը:

Փոխադարձաբար արժեւորուեցաւ Ֆրանսայի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ եւ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ կամրջող նշանակութիւն ունեցող հայ գաղութին դերակատարութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ:

comments