By Asbarez | Sunday, 29 November 2009
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Իթար-Թասս>>.- Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Նաթալիա Թիմաքովա կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները՝ Տմիթրի Մետվետեւ եւ Իլհամ Ալիեւ, իրենց Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24ին կայացած հանդիպման ընթացքին մանրամասնօրէն քննած են ղարաբաղեան տագնապի բանակցային գործընթացը։ Ալիեւ իր ռուս պաշտօնակիցին մանրամասն կերպով տեղեկացուցած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Միւնիխի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ իր ունեցած հերթական հանդիպումին արդիւնքները։
Թիմաքովա կը յայտնէ, որ <<Ռուսիոյ նախագահը ողջունած է ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման գործընթացին մէջ դրական տեղաշարժը եւ իր գործընկերոջ վստահեցուցած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման հասնելու համար Մոսկուա եւս իր ներդրումը պիտի ունենայ>>։
Ըստ անոր, նախագահները քննած են նաեւ Ռուսիա-Ատրպէյճան երկկողմ համագործակցութիւնը աւելի սերտացնելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, Մոսկուայի պետական համալսարանի տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնի մասնագէտներու խմբակի ղեկավար Ալէքսէյ Վլասով <<Տէյ.ազ>> կայքին կը յայտնէ, որ <<կարգ մը միջնորդներուն բանակցութեանց հանդէպ ցուցաբերած լաւատեսութիւնը շօշափելի իրողութեանց վրայ չէ հիմնուած>>։
<<Մինսկի խմբակի ներկայացուցիչներուն կողմէ վեցերորդ հանդիպումի (Սարգսեան-Ալիեւ) արդիւնքին մասին յայտարարութիւնները կը պարունակեն բանակցութեանց մէջ նկատառելի յառաջդիմութեան ակնարկ մը>>, կը յայտնէ Վլասով։ <<Կը հաւատամ, թէ հակազդեցութիւնը աւելի դրական է քան նախագահներուն միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած իսկական յառաջդիմութիւնը։ Կը կարծեմ, թէ միակ եւ հիմնական ձեռքբերումը բանակցութիւններուն շարունակումն է։ Անծանօթ կը մնայ, թէ Իլհամ Ալիեւ եւ Սերժ Սարգսեան ե՞րբ եւ ի՞նչ ձեւաչափով պիտի ունենան իրենց յաջորդ հանդիպումը>>։
Վլասով կը հաւատայ, թէ Դեկտեմբեր 1-2ին, Աթէնքի մէջ նախատեսուած ԵԱՀԿի նախարարական խորհուրդի ժողովէն առաջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու նիստը կրնայ որոշ արդիւնք մը տալ: <<Կարելի է, որ արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ հանդիպումին կարգ մը փաստաթուղթեր ստորագրեն, եթէ Միւնիխի հանդիպումի ընթացքին կողմերը հասած են որեւէ համաձայնութեան, զոր յատուկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարելը կողմերը հարկաւոր չեն նկատած>>, կ՛ըսէ ռուս վերլուծաբանը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ