Ժողովուրդն Արցախի Հարցում Իր Տեսակէտն Արտայայտել Է Անկախութեան Հռչակագրով. Ի. Սաղաթելեան

By Asbarez | Tuesday, 05 November 2019

1105Ishkhan

ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը խնդրայարոյց կը նկատէ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ Արցախի հարցը պէտք է լուծել հանրաքուէի միջոցով։

«Սրա մասին մենք բազմիցս յայտարարել ենք։ Ժողովուրդն այդ մանդատը տուել է իշխանութիւններին, եւ նրանք պէտք է պատուով կարողանան այդ հարցն առաջ տանել։ Կարո՞ղ է հանրաքուէի ինչ-որ տարբերակ կամ նախագիծ կայ, որից տեղեակ չենք», «Փաստինֆօ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ֆէյսպուք»էն կենդանի հաղորդման ընթացքին անդրադարձած էր Արցախի տագնապի լուծման՝ նշելով, որ իր հիմնական խնդիրն է բանակցային սեղանին շուրջ փնտռել եւ գտնել Հայաստանի, հայ ժողովուրդին համար ընդունելի լուծում։ «Երբ բանակցային գործընթացում կը ձեւակերպուի այնպիսի լուծում, այնպիսի առաջարկ, որը կարող եմ համարել, որ ընդունելի կը լինի հայ ժողովրդի համար, այդ առաջարկը կը ներկայացնեմ ժողովրդին, դրա շուրջ համազգային քննարկում կ՛ունենանք եւ որոշումները կը կայացուեն համազգային ֆորմատով…», շեշտած էր վարչապետը։

Ամփոփելով խօսքը՝ ան ընդգծած էր, որ Արցախի իշխանութեան եւ Հայաստանի իշխանութեան պատկերացումները Արցախի հարցի լուծման վերաբերեալ, նոյնանման են։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ է կարծիքը այն մասին, որ ժողովուրդը իր տեսակէտը արդէն յայտնած է Անկախութեան հռչակագիրով, Սաղաթելեան ըսաւ. «Այո՛, ժողովուրդն իր տեսակէտն արտայայտել է Անկախութեան հռչակագրով, որն ամրագրուած է Արցախի սահմանադրութեամբ, իր տեսակէտը յայտնել է որդիների արեան գնով, հայրենիքն ազատագրելով։ Չի կարող Հայաստանում այլ տեսակէտ գոյութիւն ունենալ, քննարկուել, հանրաքուէի դրուել»։

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին համաձայն՝ Արցախի հարցով հանրաքուէ իրականացնելը անհեռատեսութիւն ու անլրջութիւն է. «Այսինքն նո՞ր պէտք է հասկանանք մեր ժողովուրդն ի՛նչ տեսակէտ ունի Արցախեան հարցի վերաբերեալ։ Հայաստանի իշխանութիւնները ամբողջական պատասխանատուութիւն են կրում հայ ժողովրդի, Արցախի ժողովրդի ու արցախեան բանակցութիւնների հարցում։ Ժողովուրդը տուել է մանդատը, նրանք պատասխանատուութիւն են կրում»։

Սաղաթելեան ըսաւ, որ մտահոգիչ է այն հարցը թէ ի՛նչ բան կ՛ուզեն հանրաքուէի դնել. «Այսինքն կա՞յ նման տարբերակ, որ հանրաքուէի դրուի»։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ տարբերակ մը, որ ձեռնտու պիտի ըլլայ ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի, եւ թէ Ատրպէյճանի համար՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը յայտնեց. «Չի կարող Ատրպէյճանի ժողովրդի համար ձեռնտու տարբերակը ձեռնտու լինել նաեւ հայերի համար։ Դա աբսուրդ է»։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement