Հայկական Գինին Եւ Քոնեաքը Ներկայացուեցան Չինաստանի Միջազգային Ցուցահանդէսին

By Asbarez | Friday, 08 November 2019

1108China

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամը 5-10 Նոյեմբերին Չինաստանի միջազգային ցուցահանդէսի մը ընթացքին Շանհայի Ազգային ցուցահանդէսներու եւ համագումարներու կեդրոնին մէջ միասնական տաղաւարով կը ներկայացնէ հայկական 13 գինեգործական ընկերութեան 160է աւելի տեսակի գինի եւ 34 տեսակի քոնեաք:

Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ երկրորդ տարին ըլլալով կայացող ցուցահանդէսը կարելիութիւն կու տայ մասնակից երկիրներուն եւ ձեռնարկատիրութիւններուն ցուցադրելու իրենց արտադրանքը, յայտնի դարձնելու իրենց ապրանքանիշերը եւ ստեղծելու գործարար կապեր աշխարհի երկրորդ մեծագոյն տնտեսութեան մէջ:

«Գինեգործութիւնը ՀՀ տնտեսութեան գերակայ ճիւղերից է, ուստի Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամը ջանք չի խնայում, որպէսզի արտահանման ներոյժ ունեցող ընկերութիւնները հաւուր պատշաճի ներկայանան եւ մասնակցեն աշխարհի երկրորդ խոշորագոյն տնտեսութիւնում տեղի ունեցող ցուցահանդէսին: Հայկական գինիներն արդէն արտահանւում են 32 երկիր, եւ ես համոզուած եմ, որ այս ցուցահանդէսը կը բացի հեռանկարներ նոր գործարար կապերի հաստատման միջոցով հայկական գինու եւ կոնեակի արտահանման ծաւալներն ընդլայնելու համար», նշեց հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Զարուհի Մուրադեան:

Տեղեկացնենք, որ Չինաստանի միջազգային ցուցահանդէսը նախորդ տարի ունեցած է 2462 արձանագրուած գնորդներ եւ 1178 մասնակիցներ 82 երկիրներէ, կնքուած են 657 նախնական պայմանագիրներ: Այս տարի ցուցահանդէսին կը մասնակցին 3893 ձեռնարկատիրութիւններ շուրջ 170 երկիրներէ եւ տարածաշրջաններէ, իսկ արձանագրուած այցելուներուն նախնական թիւը կը հասնի 650,000ի:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement